«Շնորհաւոր Ծաղկազարդի կիրակի բոլորդ։ Բարի Սուրբ Շաբաթ» Ֆրանչիսկոս Պապ

Այսօր եւս Ֆրանչիսկոս Պապը անակնկալ կերպով յայտնուեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 13 ապրիլ 2025ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս անակնկալ կերպով յայտնուեցաւ հրապարակին վրայ, մեծ ծափողջոյնով ընդունուելով այս կարեւոր տօնին առիթով Հռոմ ժամանած ու պատարագին մասնակցած հարիւր հազարաւոր ուխտաւորներէն։

Հակառակ` որ Ան տակաւին կը գտնուի ապաքինման ընթացքի մէջ, անցեալ շաբաթ եւս դուրս եկած էր իր բնակարանէն ու Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ողջունած էր Հիւանդներու եւ Առողջապահական Գործիչներու Յոբելեանին առիթով, այնտեղ կայացած սուրբ պատարագին մասնակցողները իսկ այս վերջին օրերուն ան յայտնուած էր նաեւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքյաին մէջ, եւ երէկ այցելութիւն տուած էր Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար իր սրտին խօսող Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերն առջեւ աղօթելու համար։

Ժամը 11,45ին Նորին Սրբութիւնը շարժական աթոռի վրայ նստած դուրս եկաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայէն ու հասնելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին կեդրոնական ամպիոն նախ ողջունեց պատարագիչ Ծիրանաւորը` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին ապա բոլոր ներկաներուն դիմելով ըսաւ «Շնորհաւոր Ծաղկազարդի կիրակի բոլորդ։ Բարի Սուրբ Շաբաթ»։

Այս խօսքերէն ան շրջանը կատարեց հրապարակի կեդրոնական ամպիոնի տարածքին ողջունելով կարդինալական դասի անդամները ու այդ տարածքին վրայ գտնուող հաւատացեալները։ Նորին Սրբութեան կ՜ընկերանար իր անձնական հիւանդապահը ու քարտուղարներէն մին։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ վերադարձաւ իր բնակարանը անգամ մը եւս ուզելով ցոյց տալ իր մօտիկութիւնը` Հովիւի մօտիկութիւնը իր հօտին։ Քաջ հովիւ մը որ հակառակ ամէն դժուարութիւններուն, հիւանդութեան ու մարդկային դիւրաբեկութեան, ուզեց աշխարհի բոլոր վայրերէն Սուրբ Պետրոս ներխուժած հաւատացեալները յուսախաբ չի թողուլ ու անոնց ըսել թէ ինք իրենց հետ է ու շնորհակալ է իրենց մօտիկութեան համար։

Նախ քան իր բնակարանը վերադառնալը Քահանայապետը պահ մը կանգ առաւ աղօթելու Պետրոս առաքեալի գերեզմանի մօտ՝ Սուրբ Պիոս Ժ-ի գերեզմանի և Պենետիկտոս ԺԵ-ին նուիրուած յուշարձանի դիմաց։

Ֆրանչիսկոս Պապը անակնկալ կերպով յայտնուեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2025, 11:58