Որոնել

Աւագ հինգշաբթի. Սուրբ իւղերու օրհնութեան պատարագը Վատիկանի մէջ

Նորին Սրբութեան կարդացուած քարոզին մէջ Ան յիշեցուցած է Յիսուսին առաքելութիւնը` որ է բարի լուրը հաղորդել աղքատներուն, ազատել բանտարկեալները և վերականգնել կոյրերուն տեսողութիւնը եւ ասկէ մեկնելով ընդգծած է, որ քահանայութիւնը յոբելենական ծառայութիւն է, որուն մէջ ուրիշներուն ծառայելը պէտք է ըլլայ լուռ և արմատական գործողութիւն՝ համահունչ Յիսուսի ուսուցումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 17 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Սուրբ Պետրոս պազլիքային մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ իւղերու օրհնութեան պատարագը զոր, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահեց Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան մատակարարման գրասենեակի երբեմնի նախագահ` Կարդինալ Տոմենիքօ Քալաքանիոն, եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասի անդամներ ու կղերականներ։ Արարողութեան մասնակցեցան 4300 հաւատացեալ` որոնցմէ 1800 կղերական դասին պատկան եւ 2500 աշխարհական։

Սուրբ իւղերու օրհնութեան պատարագը, այն պատարագն է` որ սովորաբար կը կատարուի Աւագ հինգշաբթի օրը զոր կը նախագահէ եպիսկոպոսը եւ որ կը խորհրդանշէ Եկեղեցւոյ միութիւնը։ Անոր հրաւիրուած են մասնակցելու կղերական դասին անդամները, որուն ընթացքին անոնք կը նորոգեն իրենց խոստումները զոր կատարած են քահանայական ձեռնադրութեան օրը։ Պատարագի ընթացքին կ՛օրհնուին սուրբ իւղերը` միւռոնը, հիւանդաց օծումի ու սուրբ մկրտութեան իւղը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին Կարդինալ Քալաքանիոն ընթերցեց այս առիթին համար Ֆրանչիսկոս Պապին պատրաստած քարոզը, որուն մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձած է Յիսուսի կերպարին, որպէս «Ալֆա և Օմեկա»՝ ընդգծելով յայտնութիւնն ու յոյսը, որ կու գայ անոր կեանքէն և անոր մարմինէն:

«Երբ թոյլ տանք` որ Ան ըլլայ մեր ուսուցիչը, մերը կը դառնայ յոյսի ծառայութիւնը, քանի որ մեր իւրաքանչիւր պատմուածքին մէջ Աստուած կը բանայ յոբելեան մը, այսինքն՝ շնորհքի ժամանակ և ովասիս» գրած է Քահանայապետը որ դիմելով ապա եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն՝ յորդորած է նորոգել իրենց քահանայական խոստումները՝ հրաւիրելով զանոնք կարդալու իրենց կեանքը Յիսուսի լոյսին ներքոյ, որ կ՛առաջարկէ յոյսի և յոբելեանի ծառայութիւն մը:

Սրբազան Քահանայապետը ի միջի այլոց ընդգծած է, որ քահանայութիւնը սոսկ հոգեւորականութիւն չէ, այլ Աստուծոյ ժողովուրդ, որ կ՛ ապրի քահանաներու թագաւորութեան մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր անհատ ունի իւրայատուկ առաքելութիւն։

Յոբելենական տարին դարձի հրաւէր է, «մեր ետին թողելու համար կղերականութիւնը և դառնալու յոյսի իսկական աւետաբերներ» նշած է Սրբազան Պապը, որ ապա հրաւիրած է քահանաները բացայայտելու և ապրելու իրենց կոչումը Աստուծոյ Խօսքին միջոցաւ, որ պէտք է մնայ իրենց կեանքին կիզակէտը։

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուցած հուսկ Յիսուսին առաքելութիւնը` որ է բարի լուրը հաղորդել աղքատներուն, ազատել բանտարկեալները և վերականգնել կոյրերուն տեսողութիւնը եւ ասկէ մեկնելով ընդգծած է, որ քահանայութիւնը յոբելենական ծառայութիւն է, որուն մէջ ուրիշներուն ծառայելը պէտք է ըլլայ լուռ և արմատական գործողութիւն՝ համահունչ Յիսուսի ուսուցումին։

«Դաշտը աշխարհն է։ Մեր հասարակաց տունը, այնքան վիրաւոր, և մարդկային եղբայրութիւնը, այնքան ժխտուած, բայց անջնջելի, մեզի կոչ կ՛ընէ ընտրութիւն կատարել» գրած է ապա Սրբազան Պապը որ քարոզի աւարտին յորդորած է հաւատացեալները` աղօթելու Քահանաներու երջանկութեան համար և գիտակցելու, որ հակառակ աշխարհի անարդարութիւններուն, արդեն նոր թագաւորութիւն մը ներկայ է՝ շնորհիւ Յիսուսին մէջ դրսևորուած Աստուծոյ սիրոյն:

«Սիրելի հաւատացեալներ, յոյս ունեցողներ, այսօր աղօթեցէք քահանաներու ուրախութեան համար։ Թող Սուրբ Գրքերով խոստացուած և Սրբութիւններով կատարուած ազատագրութիւնը ձեզի գայ։ Շատ վախեր մեր մէջ կը բնակին, ահռելի անարդարութիւններ մեզ կը շրջապատեն, բայց արդեն նոր աշխարհ մը ծագած է։Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մեզի տուաւ իր Որդուն՝ Յիսուսը: Ան կ՛ օծէ մեր վէրքերը և կը չորացնէ մեր արցունքները: «Ահա ան կու գայ ամպերու հետ» (Յայտնութիւն 1։7)։ Անորն է թագաւորութիւնը և փառքը յաւիտեան: Ամէն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2025, 10:18