Որոնել

Աղօթենք, որպէսզի նոր արհեստագիտութեան կիրառումը չփոխարինէ մարդկային յարաբերութիւնները

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը նախաձեռնութեամբ Քահանայապետի Աղօթքի Ցանցին եւ համագործակցութեամբ Մարդկային համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութեան, եւ Ամերիկեան արտադրական Coronation media ընկերութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթենք, որպէսզի նոր արհեստագիտութեան կիրառումը չփոխարինէ մարդկային յարաբերութիւնները, յարգէ մարդկանց արժանապատուութիւնը և օգնէ լուծելու մեր ժամանակի ճգնաժամերը» այս է Ֆրանչիսկոս Պապին 2025-ի Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը, որուն տեսերիզը հրատարակուեցաւ երեքշաբթի մէկ ապրիլին։

Այս մէկը շատ արդիական նիւթ է, որ կը յուզէ բոլորս, յատկապէս ընկերային ցանցերու լայն տարածման և արհեստական բանականութեան արագ զարգացման շնորհիւ։

Աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին  միջոցաւ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ արհեստագիտութիւնը դնելու բոլորի ծառայութիւն տակ, յատկապէս աւելիով դիւրաբեկ անձերուն ու նաեւ մեր մոլորակի խնամքի ծառայութեան տակ։

«Եթէ մենք աւելի շատ ժամանակ տրամադրենք մեր բջջային հեռախօսներուն, քան մարդկանց, սխալ բան մը կայ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը:

Քահանայապետին աղօթքն ու կոչը

«Որքան հաճելի պիտի ըլլար ինծի, որ շատ աւելի քիչ պաստառները դիտենք ու աւելի շատ նայինք մէկը միւսի աչքերուն մէջ։ Եթէ մենք աւելի շատ ժամանակ տրամադրենք մեր բջջային հեռախօսներուն, քան մարդկանց, սխալ բան մը կայ: Պաստառը մեզի մոռցնել կու տայ որ անոր ետին կան իրական անձեր, որոնք կը շնչեն, կը խնդան եւ լու լան։ Ճիշտ է, արհեստագիտութիւնը պատողն է Աստուծոյ մեզի տուած բանականութեան: Բայց պէտք է լաւ օգտագործենք զայն: Անիկա չի կարող օգուտ ըլլալ միայն ոմանց, մինչ միւսները բացառուած են։

Ուստի ի՞նչ պէտք է ընենք։ Արհեստագիտութիւնը օգտագործել միացնելու եւ ոչ թէ բաժնելու։ Աղքատներուն օգնելու։ Բարելաւելու հիւանդներուն ու անկար անձանց կեանքը։ Արհեստագիտութիւնը օգտագործել մեր հասարակաց տան խնամքի համար:

Իրարու հանդիպիլ` որպէս եղբայրներ: Որովհետև, երբ մենք իրար աչքերուն նայինք, կը բացայայտենք, թէ ինչն է իրականին մէջ կարևորը. մենք եղբայրներ, քոյրեր ենք, նոյն Հօր զաւակներ:

Աղօթենք, որպէսզի նոր արհեստագիտութեան կիրառումը չփոխարինէ մարդկային յարաբերութիւնները, յարգէ մարդկանց արժանապատուութիւնը և օգնէ լուծելու մեր ժամանակի ճգնաժամերը»:

Յարգել իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը, արդարութիւնը և հասարակաց բարիքը

Այս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը իրականացուած է ինչպէս ամէն ամիս Քահանայապետի Աղօթքի Ցանցի նախաձեռնութեամբ ու համագործակցութեամբ Մարդկային համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութեան, եւ Ամերիկեան արտադրական Coronation media ընկերութեան, որ ընդգծած է նոր արհեստագիտութիւններու նկատմամբ բարոյական մօտեցման անհրաժեշտութիւնը։

Մինչ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի յայտնեց որ ` «Նոր արհեստագիտութիւնները կարեւոր կենսամիջոց ու գործիք են ի ծառայութիւն մարդկային ընտանիքին։ Եւ որպէսզի անոնք կարենան ծառայել անոր զարգացումին, անհրաժեշտ է` որ անոնց օգտագործումը կողմնորոշուած ըլլայ մարդկային արժանապատուութեան ու անոր հիմնական իրաւունքներու յարգանքին։ Ան առ այդ կոչ կ՛ուղղէ միանալու Ֆրանչիսկոս Պապին, որպէսզի թուային առաջընթացը նուէր մը ըլլայ մարդկութեան համար՝ յարգելով իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը, արդարութիւնը և հասարակաց բարիքը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2025, 16:00