Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Ակոսթինօ Ճեմելլի» հիւանդանոցին անձնակազմը եւ բժիշնկներ

Gemelli հիմնարկի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Տանիելէ Ֆրանքոյի ողջոյնի խօսքէն և Սուրբ Զատիկի և քահանայապետին առողջութեան ապաքինման բարեմաղթութիւններէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին, իր աղօթքները վստահեցնելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին, ու աղօթք խնդրելով նաեւ իրեն համար։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` չորեքշաբթի 16 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11-ի ժամանակները, Ֆրանչիսկոս Պապը, Պօղոս Զ անուան դահլիճի ետին գտնուող սրահներուն մէջ հանդիպում ունեցաւ «Ակոսթինօ Ճեմելլի» բազմաբուժարանի հիմնարկի, Կաթողիկէ Համասպրանի, եւ Վատիկանի Առողջապահութեան Տնօրէնութեան պատասխանատուներուն ու անձնակազմի անդամներուն հետ, թիւով եօթանասուն, որոնք իրեն հոգ տարին իր հիւանդութեան ժամանակ։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Gemelli հիմնարկի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Տանիելէ Ֆրանքոյի ողջոյնի խօսքէն և Սուրբ Զատիկի և քահանայապետին առողջութեան ապաքինման բարեմաղթութիւններէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալական խօսք մը ուղղեց բոլորին, իր աղօթքները վստահեցնելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին, ու աղօթք խնդրելով նաեւ իրեն համար։

«Շնորհակալութիւն, հիւանդանոցի ծառայութիւնները շատ լաւ են, շարունակեցէք այդպէս» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց ներկաները սկսեալ Կաթողիկէ Համալսարանի Ռէկտոր` Տիկ Էլելնա Պեքքալլիէն։

Հանդիպումը տեւեց ընդամէնը 20 վայրկեան։

Յայտնենք` որ հիւանդանոցէն դուրս գալէն ասդին այս առաջին անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց մեծ թիւով պատուիրակութիւն մը, թէեւ բոլորն ալ մաս կը կազմէին այն առողջապահական կառոյցներուն, որոնք իր հետ շփում ունեցան այս վերջին ամիսներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2025, 11:53