Որոնել

Մեր ցաւը յանձնենք Յիսուսին այն վստահութեամբ որ պիտի գտնենք կարեկցանք, մտերմութիւն և քնքշութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Հիւանդանոցին սենեակը եւ հիւանդութեան մահճակալը կարող են դառնալ վայրեր` ուր ունկնդրել Տիրոջ ձայնը եւ նորոգել ու ամրապնդել մեր հաւատքը» կը կարդանք Սրբազան Պապին Հիւանդներու Յոբելեանին առիթով մատուցուած պատարագին համար պատրաստած քարոզին մէջ ուր ապա մէջբերում կը կատարուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքերէն` «ընկերութիւն մը` որ կարող չէ ընդունիլ տառապողները անմարդկային ու դաժան ընկերութիւն մըն է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ձեր հետ, սիրելի՛ հիւանդ եղբայրներ և քոյրեր, իմ կեանքի այս պահուն ես շատ բան կը կիսեմ՝ հիւանդութեան, թոյլ զգալու, շատ բաներով ուրիշներէն կախուած ըլլալու եւ աջակցութեան կարիքը ունենալու փորձառութիւնը»...Այս խօսքերը պարունակուած են այսօր Կիրակի 6 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Հիւանդներու եւ առողջապահական աշխարհի Յոբելեանին առիթով Սուրբ Պատարագին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ պատրաստուած եւ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա- Վրատեսուչ Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքլլլայի կողմէ կարդացուած քարոզին մէջ, որ նաեւ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին ու նախ քան քարոզը ընթերցելը Գերապ. Ֆիզիքելլան արտասանեց հետեւեալ խօսքերը. Եղբայրներ եւ քոյրեր, մեզմէ մի քանի մեթր անդին, Ֆրանչիսկոս Պապը Սանթա Մարթայի իր սենեակէն, մեզի մօտիկ է ու հեռուստակայանի միջոցաւ կը մասնակցի, ինչպէս շատ մը հիւանդներ, տկար մարդիկ, այս սուրբ պատարագին։ Ես յատուկէն ուրախ եմ ու պատիւը ունիմ ձայնս նուիրելու կարդալու համար քարոզը զոր ինք պատրաստած էր այս առիթին համար»։

Հիւանդներուն Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Հիւանդներուն Յոբելեանին նուիրուած պատարագ   (ANSA)

Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ

Քարոզը կեդրոնացած էր յոյսի ու Աստուծոյ մեր կեանքին մէջ ներկայութեան վրայ, կեանքի դժուարութիւններու ընթացքին ու մասնաւորապէս հիւանդութեան ու տառապանքի պահուն։

Քարոզին սկիզբը Սրբազան Պապը յղում կը կատարէ Եսայի Մարգարէի գիրքին (Եսայի 43,19) որուն մէջ Աստուած կը խոստանայ նոր բան մը ընել, եւ ուր ի յայտ կու գայ, որ Աստուած` նոյնիսկ յուսալքումի ամենածանր պահերու ընթացքին, ինչպէս Իսրայէլացնելու համար եղաւ ելքը` աքսորը, կը գործէ բուժում եւ փրկութիւն բերելու։

Առողջապահական գործիչներ
Առողջապահական գործիչներ   (ANSA)

Վստահութիւնը նորոգենք Աստուծոյ վրայ

Յղում կատարելով ապա Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանին (Յովհ. 8,1-11) ուր Յիսուս շնացող կնոջ մը կեանքը կը փրկէ, ցոյց տալով, որ Աստուած ոչ մէկը կը լքէ առանձին, նոյնիսկ ամէնաողբերգական իրավիճակներուն մէջ, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց վստահութիւնը նորոգելու Աստուծոյ վրայ, քառասնորդացի այս ուղեւորութեան ընթացքին, յիշելով որ ոչ մէկ դժուարութիւն կարող է մարդը բաժնել Աստուծոյ սէրէն։

հիւանդներուն Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
հիւանդներուն Յոբելեանին նուիրուած պատարագ   (ANSA)

Տէրը միշտ ալ մօտիկ է մեզի

«Չկայ աքսոր, բռնութիւն, մեղք կամ կեանքի այլ իրականութիւն, որ կարող է Աստուծոյ արգելք ըլլալ կանգնելու մեր դռան մօտ և թակել զայն՝ պատրաստ ըլլալով մտնելու հազիւ մենք անոր թոյլ տանք` որ մտնէ (տես յայտնութիւն 3.20): Աւելին` երբ փորձութիւնները կը դառնան աւելի դժուար, անոր շնորհքն ու սէրը մեզ աւելիով կ՛ողջագուրեն, մեզ վերականգնելու համար» գրած է Սրբազան Պապը քարոզին մէջ ակնարկելով նաեւ նշուող «հիւանդներու և առողջապահութեան աշխարհի յոբելեանին» ու ասկէ մեկնելով նշած է` որ «հիւանդութիւնը կեանքի ամենադժուար և դաժան փորձութիւններէն մէկն է, որով մենք կը հասկնանք թէ որքանով դիւրաբեկ ենք», հաստատելով` որ «Տէրը այդ պահուն եւս մեզի մօտիկ է, ճիշտ այնտեղ երբ կը նուազին մեր ուժերը, մենք կարող ենք փորձարկել անոր ներկայութեան մխիթարութիւնը»։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլա
Գերապայծառ Ֆիզիքելլա   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Սիրոյ փոքր ու մեծ արարքներ

Սրբազան Պապը, գրաւոր քարոզին մէջ, խօսքը ուղղելով հուսկ առողջապահական աշխարհի գործիչներուն նկատել տուած է` որ մինչ անոնք հոգ կը տանին հիւանդներուն Տէրը անոնց հնարաւորութիւն կու տայ շարունակական կերպով նորոգելու իրենց կեանքը, զայն սնուցելով երախտագիտութեամբ, ողորմութեամբ եւ յոյսով ու հասկնալով որ այն ինչ որ արժէքաւոր է` «սիրոյ փոքր ու մեծ արարքներ» են։

Քահանայապետը առ այդ խօսքը ուղղած է հիւանդներուն նշելով` թէ ինք եւս կեանքի այս պահուն կը բաժնեկցի հիւանդութեան, տկարութիւն, եւ միւսներէն աջակցութեան կարօտը ունենալու փորձառութիւնը։

Հիւանդներու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Հիւանդներու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Հիւանդանոցին սենեակն ու մահճակալը կարող են դառնալ հաւատքի նորոգման վայրեր

«Հիւանդանոցին սենեակը եւ հիւանդութեան մահճակալը կարող են դառնալ վայրեր` ուր ունկնդրել Տիրոջ ձայնը եւ նորոգել ու ամրապնդել մեր հաւատքը» կը կարդանք Սրբազան Պապին Հիւանդներու Յոբելեանին առիթով մատուցուած պատարագին համար պատրաստած քարոզին մէջ ուր ապա մէջբերում կը կատարուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքերէն` «ընկերութիւն մը` որ կարող չէ ընդունիլ տառապողները անմարդկային ու դաժան ընկերութիւն մըն է»։

Հիւանդներու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Հիւանդներու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Սէրն է որ կը մնայ առ յաւէտ

«Տառապանքը միասնաբար դիմագրաւելը մեզ կը դարձնէ աւելի մարդկային, ցաւը բաժնեկցիլը կարեւոր հանգրուան մըն է սրբութեան ուղիին վրայ» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը որ քարոզի աւարտին յորդորած է չմեկուսացնելու ան` որ կը տառապի, ինչպէս կը պատահի այսօր... այլ տառապանքը դարձնել հնարաւորութիւն միասին աճելու, մշակելու համար յոյսը, շնորհիւ սիրոյն զոր Աստուած որպէս առաջին զեղեց մեր սրտերուն մէջ եւ որ անկախ ամէն ինչէ, ան այն բանն է որ կը մնայ առ յաւէտ։

Հիւանդներու յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Հիւանդներու յոբելեանին նուիրուած պատարագ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2025, 11:03