Հաւատքը գանձ է, որ պէտք է ուրախութեամբ կիսել․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 4 Ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Սլովաքիոյ Յոբելենական ազգային ուխտագնացութեան առթիւ, գրաւոր պատգամ մը յղեց Յոբելենական Սուրբ Տարուայ առթիւ Հռոմ ժամանած աւելի քան 4300 սլովաք ուխտաւորներուն։
Նշենք թէ՝ Սլովաքիոյ Յոբելենական ազգային առաջին ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցած է 2000 թուականի Յոբելեանի առթիւ։
Սրբազան Հօր պատգամը ընթերցեց Սլովաքիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ, Գոշիցէի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Պեռնարտ Պոպերը՝ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ժամանակ։
Իր գրաւոր խօսքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը նախ եւ առաջ ափսոսանք յայտնեց «հաւատքի եւ հաղորդութեան» այդ պահուն անձամբ ներկայ չգտնուելուն համար, քանզի տակաւին կը շարունակէ իր ապաքինումը։
Ան ապա բարի գալուստ մաղթեց Գերապայծառ Պոպերին, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն՝ եպիսկոպոսներ, քահանաներ, աշխարհականներ, եւ յատուկ ջերմ ողջոյն յղեց Երկրի քաղաքացիական իշխանութիւններուն՝ ի մասնաւորի Նախագահ Փեթեր Փելլեկրինիին, որ նոյնպէս ներկայ էր արարողութեան։ Պատարագին մասնակցեց նաեւ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակ Նիքոլա Ճիրասօլէն։
«Ձեր ուխտագնացութիւնը՝ «Սուրբ Պետրոսի յաջորդի հետ նորոգուած հաւատքի եւ կապի եւ յոյսը ուրախութեամբ վկայակոչելու նշան է», յարեց Պապը։ Շեշտելով, այնուհետեւ, Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիի սէրէն ծնած յոյսի կարեւորութիւնը, որ երբեք յուսախաբ չի ձգէր՝ Ան հրաւիրեց մասնակիցները դառնալու յոյսի եւ հաւատքի ուխտաւորներ իրենց առօրեայ կեանքէն ներս:
«Դէպի Հռոմ ուղեւորութիւնը՝ անցնելով Սուրբ Դուռերու տակէն եւ այցելելով Առաքեալներու եւ Նահատակներու գերեզմաններ, դէպի յաւերժութիւն ձգուող այս ամենօրեայ ճամբորդութեան գրաւականն է» եւ Սլովաքիոյ քրիստոնէական աւանդոյթի մասն է, որ հարստացած է այնպիսի Սուրբերու վկայութեամբ, ինչպէս եղած են Կիւրեղ ու Մեթոտոս եղբայրները, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը:
Հաւատքը գանձ է, որ պէտք է ուրախութեամբ կիսել։ Ամէն անգամ ան կը բերէ մարտահրաւէրներ, բայց նաեւ հնարաւորութիւններ աճելու՝ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեամբ, ընդգծեց Ան եւ յորդորեց հետեւիլ Տիրամօր՝ աստուածային ծրագրին «այո» ըսելով, քանզի Աստուծոյ «այո» ըսելը դէպի խաղաղութիւն հորիզոններ կը բանայ։
Սրբազան Պապը պատգամը եզրափակեց՝ օրհնելով բոլոր մասնակիցները եւ խնդրելով աղօթել իրեն համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
