«Օրհնեալ է Թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով». Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ

Յիսուսի չարչարանքը կը դառնայ կարեկցանք, երբ մենք ձեռք կ՛երկարենք անոնց որոնք այլևս չեն կարող այդ չարչարանքը կրել, երբ կը վերականգնեցնենք ան որ ինկած է, երբ կը գրկենք անոնց, որոնք յուսահատ են: Եղբայրնե՛ր և քոյրե՛ր, ողորմութեան այս մեծ հրաշքը զգալու համար, եկէք Աւագ շաբաթուայ ընթացքին ընտրենք, թէ ինչպէս կրել խաչը՝ ոչ թէ մեր վիզին, այլ մեր սրտին մէջ: Ոչ միայն մերը, այլեւ մեր կողքը գտնուող տառապողին խաչը, միգուցէ այդ անյայտ մարդուն, որուն կը հանդիպինք պատահմամբ, բայց արդեօք ի՞րապէս պատահմամբ է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 ապրիլ 2025ի առաւօտեան ժամը 10.00-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի տօնին` Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին սուրբ պատարագը զոր Ֆրանչիսկոս Պապին անունով գլխաւորեց Կարդինալական դասին փոխ աւագերէց եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան երբեմնի Վերատեսուչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ ծաղկազարդի աւանդական թափորով որուն հետեւեցաւ ձիթենիի ու արմաւիններու ճիւղերու օրհնութեան արարողութիւնը հուսկ կատարուեցաւ Յիսուսին չարչարանքները պատմող Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական հատուածին ընթերցումը, ի ներկայութեան սուրբ պետրոս հրապարակ ժամանած քառասուն հազարէ աւելի ուխտաւորներ։

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ
Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Աւետարանի ընթերցումէն ետքը Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին կարդաց այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատրաստած քարոզը որուն մէջ գրուած էր.

«Օրհնեալ է Թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Ղուկաս 19.38): Ահա թէ ինչպէս ամբոխը կ՛ողջունէր Յիսուսին, երբ Ան Երուսաղեմ կը մտնէր։ Մեսիան կ՛անցնի սուրբ քաղաքի դարպասով, լայն բացուած՝ ողջունելու համար Ան, որ մի քանի օր ետք անիծուած և դատապարտուած դուրս պիտի գայ, կրելով խաչը: Այսօր մենք նոյնպէս հետևեցանք Յիսուսին, նախ տօնական երթով, իսկ յետոյ՝ ցաւագին ճանապարհի վրայ, բանալով Աւագ Շաբաթը, որ մեզ կը նախապատրաստէ տօնելու Տիրոջ չարչարանքները, մահը և յարութիւնը»:

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ
Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ   (Vatican Media)

Եւ մինչ մենք ամբոխի ընդմէջէն կը դիտենք զինուորներուն դէմքերը և կանանց արցունքները, մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ անծանօթի մը վրայ որուն անունը յանկարծակի կը մտնէ Աւետարան՝ Սիմոն Կիւրենացին: Զինուորները այս մարդը առնելով «խաչը կը դնեն անոր վրայ՝ Յիսուսին ետևէն տանելու համար զայն» (Ղուկաս 23:26): Ան այդ պահուն գիւղէն նոր վերադարձած էր, այնտեղէն կ՛անցնէր, եւ ականատես եղաւ դէպքի մը, որ գերակշռեց իր վրայ ինչպէս ուսերուն վրայ կրած ծանր փայտը»։

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ
Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Մինչ կը քալենք դէպի Գողգոթա, եկէք պահ մը խորհինք Սիմոնի ժեստի մասին, եկէք փնտռենք անոր սիրտը, եկէք հետևենք անոր քայլերուն Յիսուսին կողքին:

Նախ եւ առաջ անոր ժեստը, երկիմաստ է։ Մէկ կողմէ, փաստօրէն, կիւրենացին ստիպուած է խաչը կրել՝ ան Յիսուսին կ՛օգնէ ոչ թէ դրդուած համոզումէն, այլ հարկադրանքէն։ Միւս կողմէ, անձամբ կը մասնակցի Տիրոջ չարչարանքին: Յիսուսի խաչը կը դառնայ Սիմոնի խաչը։ Բայց ոչ Պետրոս անուանուած այն Սիմոնը որ խոստացած էր միշտ հետևել Վարդապետին։ Այդ Սիմոնը անհետացաւ մատնութեան գիշերը, երբ յայտարարեց. «Տէր ես քու հետդ պատրաստ եմ երթալ մինչեւ բանտ ու մահ» (Ղուկ. 22,33)։ Եւ այժմ Յիսուսին ետեւէն կը քալէ ոչ թէ աշակերտը այլ այս Կիւրենացին:

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ
Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Այնուամենայնիւ, Վարդապետը յստակօրէն ուսուցած էր. «Եթէ որևէ մէկը կ՛ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող ուրանայ իր անձը և ամէն օր վերցնէ իր խաչը և հետևի ինծի» (Ղուկաս 9.23): Սիմոն Գալիլեացին կը խօսի, բայց չի գործեր։ Սիմոն Կիւրենացին կ՛ընէ, բայց չի խօսիր՝ անոր և Յիսուսի միջև երկխօսութիւն չկայ, ոչ իսկ մէկ խօսք կ՛արտասանուի, անոնց միջև կայ միայն խաչի փայտը:

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ
Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ   (Vatican Media)

Որպէսզի իմանանք, եթէ Կիւրենացին օգնե՞ց ,կամ ատեց ուժասպառ Յիսուսը, որուն հետ ստիպուած էր կիսել ցաւը, հասկանալու համար՝ եթէ ան կը կրէ կամ կը դիմանայ խաչին, պէտք է նայենք անոր սրտին: Մինչ Աստուծոյ սիրտը բացուելու վրայ է, խոցուած ցաւէ մը որ կը բացայայտէ անոր ողորմութիւնը, մարդուն սիրտը կը մնայ փակ: Մենք չենք գիտեր թէ ինչ կը բնակի Կիւրենացիի սրտին մէջ։

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ
Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Եկէք մեզ դնենք անոր տեղը՝ զայրոյթ կը զգանք, կամ խղճահարութիւն, տխրութիւն՞ւն, թէ անհանգստութիւն։ Եթէ մենք կը յիշենք թէ ինչ ըրաւ Սիմոնը Յիսուսին համար, յիշենք նաև, թէ ինչ ըրաւ Յիսուսը Սիմոնի համար, ինչպէս ինծի ու ձեզի համար, մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար. Ան փրկեց աշխարհը: Փայտէ խաչը, որ կը կրէ Կիւրենացին, Քրիստոսի խաչն է, որ կը կրէ բոլոր մարդոց մեղքը: Զայն կը կրէ մեր հանդէպ ունեցած սիրոյն համար ՝ հնազանդելով Հօրը (տես Ղուկաս 22.42), տառապելով մեզի հետ և մեզի համար: Այս է այն անսպասելի և ցնցող ձևը, որով կիւրենացին կը ներգրաւուի փրկութեան պատմութեան մէջ, որտեղ ոչ մէկը օտար է կամ օտարական:

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ
Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Հետեւինք ուրեմն Սիմոնի հետքերուն, քանի որ ան մեզի կը սորվեցնէ որ Յիսուսը կու գայ հանդիպելու բոլորին, որեւէ մէկ իրավիճակի մէջ: Երբ կը տեսնենք այր մարդոց և կանանց բազմութիւնը, զոր ատելութիւնն ու բռնութիւնը նետած է Գողգոթա տանող ճանապարհին վրայ, եկէք յիշենք, որ Աստուած այս ճանապարհը կը վերածէ փրկութեան վայրի, որովհետև ան քալեց այնտեղ՝ իր կեանքը տալով մեզի համար: Քանի՞ կիւրենացիներ կը կրեն այսօր Քրիստոսին խաչը: Կը Ճանչնանք զանոնք։ Կը տեսնե՞նք Տէրը անոնց դիմագիծերուն մէջ, պատերազմէ ու թշուառութիւնէ բզկտուած: Չարի դաժան անարդարութեան առջև, Քրիստոսի խաչը կրելը երբեք իզուր չէ. Անիկա իսկապէս, անոր փրկարար սէրը կիսելու ամենագործնական միջոցն է:

Յիսուսի չարչարանքը կը դառնայ կարեկցանք, երբ մենք ձեռք կ՛երկարենք անոնց որոնք այլևս չեն կարող այդ չարչարանքը կրել, երբ կը վերականգնեցնենք ան որ ինկած է, երբ կը գրկենք անոնց, որոնք յուսահատ են:

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ
Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Եղբայրնե՛ր և քոյրե՛ր, ողորմութեան այս մեծ հրաշքը զգալու համար, եկէք Աւագ շաբաթուայ ընթացքին ընտրենք, թէ ինչպէս կրել խաչը՝ ոչ թէ մեր վիզին, այլ մեր սրտին մէջ: Ոչ միայն մերը, այլեւ մեր կողքը գտնուող տառապողին խաչը, միգուցէ այդ անյայտ մարդուն, որուն կը հանդիպինք պատահմամբ, բայց արդեօք ի՞րապէս պատահմամբ է։

Եկէք պատրաստուինք Տիրոջ Զատիկին` դառնալով կիւրենացիներ մէկը միւսին համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2025, 11:02