Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ դարմանումները եւ Սանթա Մարթայէն կը հետեւի Եկեղեցւոյ կեանքին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 4 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին նշուեցաւ որ «Այս կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառնի աղօթքը համեմատուած նախորդ կիրակիներուն կարող է որ տեղի ունենայ այլ ձեւով, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին վաղը` շաբաթ 5 ապրիլին։ :
Սրբազան Քահանայապետին առողջութիւնը այլ թեթեւ բարելաւումներ արձանագրած է ըլլայ շնչառական, ըլլայ շարժիչային, ըլլայ ձայնի օգտագործման բերումով
Անցեալ օրերուն կատարուած արեան նոր քննութիւնները եւս արձանագրեցին վարակիչ ցուցանիշներու բարելաւում։
Ան կը շարունակէ նաեւ տարբեր դեղաբանական, շարժիչային և շնչառական թերափիաները։
Թթուածնային կիրառումը եւս կը շարունակուի նուազիլ` օրուան ընթացքին դիմելով սովորական ընդունման մինչ երեկոյեան, անհրաժեշտութեան պարագային կը գործադրուի բարձր հոսքի կիրառումը
Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ իր աշխատանքային գործունէութիւնը եւ այսօր առաւօտեան` հերակապ միջոցաւ հետեւեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Քահանայապետական տան Քարոզիչ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիին գլխաւորած քառասնորդացի մտածականին մինչ չորեքշաբթի օր նոյն կապով հետեւեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. մահուան քսանամեակին նուիրուած Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Կարդինալ Փարոլոնին մատուցած սուրբ պատարագին։
Կը նշուի` որ յատուկ այցելութիւններ տեղի չեն ունեցած ու թէ Սուրբ Շաբաթուան, այսինքն աւագ շաբաթուայ արարողութիւններու մասին խօսիլը տակաւին վաղաժամ է։
Նորին Սրբութեան տրամադրութիւնը կը մնայ բարձր յաջորդ ճեպազրոյցը նախատեսուած է երեքշաբթի 8 ապրիլին` Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակէն ներս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
