Քահանայապետին առողջապահական վիճակը կայուն է, թեթեւ բարելաւումներով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի 8 ապրիլ 2025ի կէսօրուայ ժամերուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ճեպազրոյց որուն ընթացքին թարմացումներ ներկայացուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան ու անոր ապաքինման գործընթացի մասին` հաստատելով` որ իրավիճակը կը մնայ կայուն թեթեւ բարելաւումներով, որոնց ականատես եղանք անցեալ կիրակի oր` ըլլայ շարժիչային, շնչառական ու ձայնային բերումով։
Արդարեւ անցեալ կիրակի օր` Հիւանդներու ու առողջապահական գործիչներու յոբելեանին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցուած պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ կերպով յայտնուեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, մի քանի վայրկեան տեւողութեամբ, իր օրհնութիւնն ու ողջոյնը փոխանցելով բոլոր ներկաներուն։ Այս առաջին անգամն էր որ Սրբազան Պապը անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին կը մասնակցէր հանրային մէկ հաւաքի ու հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետքը, կը յայտնուէր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։
Ճեպազրոյցի ընթացքին նշուեցաւ նաեւ` որ թթուածինի կիրառումը կը շարունակուի եւ գիշերային ժամերուն ըստ անհրաժեշտութեան կ՛օգտագործուի բարձր հոսքով կիրառումը։ Ընդհանուր պատկերը կը մնայ անշարժ նոյնիսկ բուժարանային քննութիւններու տեսանկիւնէն։
Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ շարժիչային ու շնչառական թերափիան մինչ օրը կ՛անցնէ նաեւ աշխատանքով, աղօթքով ու հանգիստ ընելով, մասնակցելով նաեւ առօրեայ պատարագին։
Նորին Սրբութիւնը կապի մէջ է զանազան Վերատեսչութիւններու հետ, կը շարունակէ ստանալ թղթածրարները ու զանոնք քննարկել եւ վերջին օրերուն սկսաւ նաեւ հանդիպումներ ունենալ` ինչպէս պատահեցաւ երէկ, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ` Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը։
Յառաջիկայ Աւագ Շաբթուայ վերաբերեալ նորութիւնն չկան տակաւին իսկ վաղը նախատեսուած է հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան գրաւոր ձեւով հրատարակումը, ինչպէս պատահեցաւ նախորդ շաբաթներուն։
Քահանայապետի առողջութեան հայող յաջորդ ճեպազրոյցը նախատեսուած է յառաջիկայ ուրբաթ օր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
