Սիքստինեան Մատուրէն մինչև Սուրբ Դուռ՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի տարին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Այսօր, երբ մենք կը յիշատակենք Քահանայապետ ընտրութեան 12-րդ տարեդարձը, Հռոմի թեմը կը համախմբուի Սրբազան Քահանայապետին շուրջ։ Տառապանքի վիճակը, որ յատկանշեց անոր վերջին շաբաթները, մեզ բոլորս մղեց եռանդօրեն աղօթելու մեր Եպիսկոպոսին համար և աջակցելու անոր անսահման սիրով, երախտապարտ ըլլալով Վարդապետութեան և այս տարիներուն առատաձեռնութեամբ շռայլուած մարգարէութեան համար: Մենք համոզուած ենք, որ նոյնիսկ հիւանդութեան ժամանակ Ան մեզի կ՛ աջակցի եւ կը հրաւիրէ առաջ ընթանալ յոյսով և ուժով: Շնորհաւոր ըլլալ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Քեզ կը սպասենք։ Օրհնէ մեզ բոլորիս»։
Հռոմի Թեմին բարեմաղթանքներն են ասոնք ուղղուած անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապին, Անոր Քահանայապետ ընտրուելուն 12րդ տարեդարձին առիթով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
