Հրատարակուեցաւ Աւագ Շաբթուայ ծիսական արարողութիւններուն օրակարգը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու գրասենեակը հինգշաբթի 27 Մարտին հրատարակեց 2025-ի Աւագ Շաբթուան ընթացքին կատարուելիք արարողութիւններուն օրակարգը, առանց նշելու սակայն թէ ով պիտի գլխաւորէ զանոնք, ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին տակաւին դարմանման ժամանակաշրջանին մէջ գտնուելուն։
Օրակարգը կը սկսի 13 Ապրիլին` որ Ծաղկազարդ է` Տօն Յիսուսին Երուսաղէմ մուտքին եւ սկիզբ աւագ շաբթուան։ Այս առիթով նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ, առաւօտեան ժամը տասին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։
Հինգշաբթի, 17 ապրիլին Աւագ Հինգշաբթի է, այդ օր կը նշուի նաեւ քահանաներուն տօնը ու յատկապէս Յիսուսին աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի ու ոտնլուայի յիշատակումը։ Այս առթիւ նախատեսուած է Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ Սուրբ Իւղերու օրհնութեան Սուրբ Պատարագը որ պիտի կատարուի առաւօտեան ժամը 9.30-ին։
Ուրբաթ, 18 ապրիլին, Աւագ Ուրբաթ է` նուիրուած Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակին, որուն առիթով նախատեսուած են երկու արարողութիւններ` առաջինը յետմիջօրէի 5.00ին, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, որուն առիթով տեղի կ՛ունենայ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքը ու հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։ Իսկ երկրորդը` երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնի տարածքին, ուր ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը։
Շաբաթ` 19 Ապրիլին Աւագ Շաբաթ է. Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, նախատեսուած է Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը, որուն ծիրէն ներս կը կատարուի նեաւ «նոր կիրակիի օրհնութեան արարողութիւնը», ապա Սուրբ Գրային ընթերցումներ, Սուրբ Մկրտութեան ե Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներու մատակարարումը։
Իսկ Կիրակի` 20 ապրիլ 2025-ին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան։ Այդ օր ժամը 10.00ին, նախատեսուած է Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պատարագ, որուն կը յաջորդէ Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին ուղղուած ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' աւանդական օրհնութիւնը։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան տօնի կիրակիէն ետքը` 27 Մարտին կը նշուի Աստուածային Ողորմութեան Կիրակին, որուն առիթով առաւօտեան ժամը 10.30 , Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պատարագ նուիրուած երիտասարդութեան Յոբելեանին, որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Երանելի Քարլօ Աքութիսին սրբադասման արարողութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
