Թէեւ հիւանդ բայց կարող սիրելու, մենք մեզ նուիրելու, մէկը միւսին համար հաւատքի մէջ ըլլալու յոյսի վառ նշաններ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այն օրէն երբ Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, այսինքն անցեալ 14 փետրուարէն, կիրակի օրերու Մարեմեան աղօթքի Քահանայապետական խորհրդածութիւնները հրատարակուեցան գրաւոր ձեւով, եւ նոյնը կատարուեցաւ նաեւ Կիրակի 16 Մարտի կէսօրին ուր կը կարդանք.
Յիսուսին սիրոյ լոյսը
«Այսօր Քառասնորդացի Երկրորդ Կիրակին, Աւետարանը մեզի կը խօսի Յիսուսի այլակերպութեան մասին։ Լեր բարձրացած Պետրոսի, Յակոբի եւ Յովհաննէսի հետ, Յիսուս կը մխրճուի աղօթքի մէջ ու կը դառնայ լուսաւոր։ Այդպիսով Ան իր աշակերտներուն ցոյց կու տայ թէ ինչ կը թաքնուի այն արարքներու ետին զոր Ինք կը կատարէ իրենց միջեւ` այսինքն իր անհուն սիրոյ լոյսը։
Ձեր հետ կը կիսեմ այս մտորումները մինչ կը դիմագրաւեմ ցաւի ժամանակ մը, եւ կը միանամ իմ հիւանդ եղբայրներուս եւ քոյրերուս, որոնք դիւրաբեկ են ինծի նման։
Հիւանդ բայց կարող սիրելու
Մեր մարմինները թոյլ են, բայց և այնպէս, ոչ մէկ բան կարող է մեզ արգիլել սիրելէ, աղօթելէ, մենք մեզ նուիրելէ, մէկը միւսին համար հաւատքի մէջ ըլլալէ յոյսի վառ նշաններ:
Որքան լոյս կը ցոլայ, այս իմաստով, հիւանդանոցներուն եւ խնամատարութեան վայրերուն մէջ։ Որքան սիրալիր ուշադրութիւն կը լուսաւորէ սենեակները, միջանցքները, դարմանատուները եւ վայրերը ուր կը գործուին ամենախոնարհ ծառայութիւնները։ Ասոր համար այսօր կ՛ուզեմ ձեզ հրաւիրել իմ հետս միասին փառաբանելու Տէրը, որ երբեք մեզ չի լքեր եւ որ ցաւի պահերու ընթացքին մեր մօտ կը դնէ անձեր որոնք կը ցոլացնեն իր սիրոյն շողերը։
Շնորհակալութիւն աղօթողներուն ու խնամք տանողներուն
Շնորհակալ եմ ձեր աղօթքներուն համար եւ շնորհակալ եմ անոնց` որոնք մեծ նուիրումով ինծի խնամք կը տանին։ Գիտեմ որ ինծի համար կ՛աղօթեն բազմաթիւ մանուկներ, անոնցմէ ոմանք եկան այստեղ, Ճեմելլի ի մօտիկութեան նշան։ Շնորհակալութիւն, սիրելի մանուկներ։ Քահանայապետը ձեզ կը սիրէ եւ կը սպասէ ձեզի հանդիպելու։
Աղօթել խաղաղութեան համար
Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար, յատկապէս պատերազմէ վիրաւոր Երկիրներուն համար, մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Միանմարի, Սուտանի, Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան համար։ Եւ աղօթենք Եկեղեցւոյ համար, որ կանչուած է գործնական ընտրանքներու թարգմանել, վերջին Սիւնհոդոսական Հաւաքի ընթացքին կատարուած զատորոշումը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան, որ յառաջիկայ երեկ տարիներու ընթացքին այս յանձնառումին մէջ պիտի ընկերանայ տեղական Եկեղեցիներուն։
Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ պահպանէ ու մեզի օգնէ ըլլալու, իր նման, Քրիստոսի լոյսին ու խաղաղութեան կրողները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
