Որոնել

Մարիամ Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն թիկունք թող կանգնի Ֆրանչիսկոս Պապին. Կարդինալ Սեմերարօ

Կարդինալներ, քահանաներ, կրօնաւորուհիներ եւ աշխարհական հաւատացեալներ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ միասին աղօթեցին Վարդարանը` Սրբազան Պապին առողջութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, Յոյսի ուխտաւորներ, Մեծ Պահքի սկիզբը, կը համախմբուինք աղօթքի մէջ, աղօթելու Սուրբ Վարդարանը` Սուրբ Կոյս Մարիամի հայեացքով խորհելու Յիսուսի կեանքի խորհուրդներու մասին։ Եկէք աղօթենք ամբողջ Եկեղեցւոյ հետ Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար։ Թող Մարիամ Սուրբ  Կոյս Աստուածածինը, Salus Populi Romani-ին, աջակցի անոր այս պահուն». Խօսքերն են ասոնք` զոր արտասանեց Սուրբերու Դատի  Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, որ չորեքշաբթի 5 Մարտի երեկոյեան ժամը ինին, գլխաւորեց Սուրբ Վարդարանի տասներորդ ջերմեռանդական աղօթքը նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ապաքինումին, որ անցեալ 14 փետրուարէն կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ։

Աղօթքին խորհրդածութիւնները «Ուրախութեան Խորհուրդներու» վրայ կեդրոնացած էին այսինքն` Աւետումը (Ղուկ. 1,26-38), Մարիամի այցը Եղիսաբեթին (Ղուկ. 1,39-56), Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը (Ղուկ. 2,1-21), Տեառնընդառաջը (Ղուկ. 2,22-40) եւ Տասներկու ամեայ Յիսուսը վերագտնելը տաճարին մէջ (Ղուկ. 2,41-52)։

Կարդինալ Սեմերարոն արարողութեան աւարտին հրաւիրեց աղօթել Սուրբ Կոյս Մարիամին` որպէսզի «մեզ ազատէ չարէն, որ այժմ մեզ կը տխրեցնէ» ու մեզի առաջնորդէ «դէպի անվերջ ուրախութիւն»։ Ի վերջոյ ամբոխը երգեց «Oremus pro Pontifice nostro» Քահանայապետին նուիրուած շարականը եւ Ծիրանաւորը մասնակիցները արձակեց անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2025, 08:00