Մեր Հայեացքը սեւեռած Յիսուսին Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցենք Քահանայապետի առողջութեան համար. Կարդինալ Կուճերոթթի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մեր Հայեացքը սեւեռած Յիսուսին, այս երեկոյ եւս կը վստահինք Անոր` որ «Մայրն է Եկեղեցւոյ» ու մեր Մայրը, աղօթելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առողջութեան համար։ Վստահ ենք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, որ կը փայլի մեր ճանապարհին վրայ՝ ի նշան մխիթարութեան և վստահ յոյսի». Աղօթքն է սա` զոր արտասանեց Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչը, Շաբաթ մէկ Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը ինին, անձրեւի պատճառաւ փոխան Սուրբ Պետրոս հրապարակին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ գլխաւորած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի ընթացքին, նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ապաքինումին։
Ասիկա վեցերորդ օրն է որ Սուրբ Պետրոսի մէջ կը կազմակերպուի սուրբ Վարդարանի աղօթքը, անցեալ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ, երբ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը սկիզբ տուաւ այս աղօթքի շղթային միանալով աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կազմակերպուած Սրբազան Քահանայապետին առողջութեան նուիրուած աղօթքներուն։
18 Յունիս 2017ին Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամի մը մէջ յայտած էր` որ «Վարդարանի աղօթքին մէջ մենք Տիրամօր կը դիմենք, որպէսզի մեզ մօտեցնէ իր զաւակին` Յիսուսին, զայն ճանչնալու եւ միշտ աւելի սիրելու համար։ Այս պարզ աղօթքը կ՝օգնէ խոկալու այն բոլոր բաներու մասին, զոր Աստուած իր անհուն սիրով կատարեց մեզի համար, մեր փրկութեան համար եւ մեզի հասկնալ կու տայ, որ մեր կեանքը միացած է Քրիստոսի կեանքին։
«Աղօթքի ընդմէջէն մենք ամէն ինչ Աստուծոյ կը ներկայացնենք. յոգնութիւնը, վէրքերը, վախերը, ուրախութիւնները, պարգեւները ու սիրելիները» ըսած էր այդ առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ահա ճիշտ այդ աղօթքով է որ հաւատացեալները այսօր դիմեցին Աստուծոյ բարեխօսութեամբն անոր Մօր, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ խորհրդածելով «Ուրախութեան Խորհուրդներու» մասին` Աւետում (Ղուկ. 1,26-38), Մարիամի այցը Եղիսաբեթին (Ղուկ. 1,39-56), Յիսուսին Ծնունդը (Ղուկ. 2,1-21), Տեառնընդառաջ (Ղուկ. 2,22-40), եւ 12 տարեկան Յիսուսի տաճարին մէջ գտնելը (Ղուկ. 2,41-52)։
Ինչպէս նախորդ օրերուն այսօր եւս աղօթքին մասնակցեցան կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորուհիներ եւ տարբեր ազգութիւններու պատկան բազմաթիւ հաւատացեալներ, իրենց ձեռքերուն մէջ սահեցնելով վարդարանի հատիկները ու Աստուծմէ հայցելով հիւանդ ու ծերունի Քահանայապետին առողջութեան վերականգնումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
