Գերապայծառ Ռույց. Աղօթքով մօտիկ Ֆրանչիսկոս Պապին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգ տարիներ առաջ, 2020 Մարտ ամիսն էր, տեղի ունեցաւ «Statio Orbis» աղերսական աղօթքը, ճիշտ այս վայրին մէջ, երբ աշխարհը փակ ու վախի մէջ էր, Ֆրանչիսկոս Պապը կը քալեր առանձին այս հրապարակին վրայ, անձրեւին տակ, աղօթելու մեզի բոլորիս համար։ Համայն աշխարհը, շունչը պահած, կապուած, կը սպասէր յոյսի այս նշանին։
Այսօր դարձեալ կը հնչեն անոր խօսքերը որոնք մեզ կը հրաւիրեն հաւատքին եւ կը շարունակեն մեզի ըսել. Ունինք խարիսխ մը, խաչով մենք փրկուեցանք։ Ունինք ղեկ մը` անոր խաչով մենք փրկագնուեցանք։ Ունինք յոյս մը` անոր խաչին մէջ մենք բուժուեցանք ու ողջագուրուեցանք, որպէսզի ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը մեզ բաժնէ իր փրկարար սէրէն։ Ողջագուրել Տէրը ողջագուրելու համար յոյսը, որովհետեւ անոր հետ նաւուն վրայ նաւաբեկութիւնը կարելի չէ։ Այսօր մենք ենք որ կը քալենք այս հրապարակին վրայ, մեր աղօթքով, որպէս յոյսի նշան, աղօթելով Ֆրանչիսկոս Պապին համար։ Մեր աղօթքը թող երթայ Աստուծոյ եւ քեզի Սրբազան Հայր մեր մօտիկութիւնն ու սէրը»։
Այս խօսքերով է, որ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Քարտուղար` Հայր Լուչօ Ատրիան Ռույցը, բացումը կատարեց այսօրուընէ` 14 Մարտէն Սուրբ Պետրոս հրապարակ փոխադրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռադական աղօթքը։
Աղօթքի այս ժամադրութիւնը հայցելու համար Քահանայապետի ապաքինումը, սկիզբ առած էր անցեալ 24 Փետրուարին, նախաձեռնութեամբ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան եւ Հռոմի Թեմին, եւ սկզբնական շրջանին կատարուեցաւ երեկորեան ժամը ինին` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, ապա Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութիւններուն առիթով, ան ժամանակաւորապէս փոխադրուեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահ, ուր կը կատարուէին Հոգեւոր Կրթութեան մտածականները, եւ ահա անոնց աւարտին դարձեալ վերադարձաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամի փոփոխութեամբ` այսինքն փոխանակ ինին, ժամը եօթը երեսուն անց։
Այսօրուայ այդ աղօթքի կազմակերպումն ու ոգեւորումը յանձնուած էր Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան մինչ Սուրբ Վարդարանի խորհրդածութիւնները նուիրուած էին տրտմութեան Խորհուրդներուն Յիսուսին աղօթքը եւ տագնապը ձիթենեաց պարտէզին մէջ (Ղուկ. 22,39-46), Խարազանումը (Մատթ. 27,24-26), Յիսուսին թագադրումը փշէ պսակով (Մատթ. 27,27-31), Յիսուսին դէպի խաչելութիւն ուղեւորումը (Յով. 19,16-27) ապա Յիսուսին խաչելութիւնը (Յով. 19,28-37)։
Վարդարանի հինգ խորհուրդներու վրայ խորհրդածելէն ու «հայր մեր» եւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքները կրկնելէն ետքը բոլոր հաւատացեալները միասին աղօթեցին լիթանիան որմէ ետքը Գրեապ. Ռույց հայցեց Աստուծմէ որ մեզի օգնէ որ «Հաստատակամ մնալով հաւատքի մէջ՝ աճինք սիրոյ մէջ և միասին քալենք դէպի օրհնուած յոյսի նպատակը» հուսկ «Oremus pro Pontifice» Քահանայապետին նուիրուած աղօթքէն ետքը Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Քարտուղարը բոլոր ներկաները արձակեց Ֆրանչիսկոս Պապին հինգ տարիներ առաջ Statio Orbis աղերսական աղօթքի աւարտին կատարած օրհնութեան խօսքերով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
