Սուրբ Յովսէփի տօնին առիթով աղօթենք Քահանայապետին համար. Գերապ. Արելլանօ Չետիլլօ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, յոյսի ուխտաւորներ, համածմբուած ենք աղօթքով, աղօթելու համար Սուրբ Վարադարանը եւ խորհրդածելու Յիսուսի կեանքի Խորհուրդներու մասին հայաեցաքը ուղղուած Սուրբ Կոյս Մարիամին». Այս խօսքերով է որ Սուրբ Աթոռի Եկեղեցական Վերին Ատեանի աւագերէց գերապ. Ալեխանտրօ Արելլանօ Չետիլլօ` ներկայացուց չորեքշաբթի 19 մարտի երեկոյեան ժամը եօթը երեսունին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, որ նուիրուած է անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան ու ապաքինումին համար։
«Եկեղեցւոյ մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամի» սրբապատկերը, որ տեղադրուած էր Վատիկանի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ, հսկեց աղօթքին վրայ որ կազմակերպուած էր Պետականքարտուղարութեան և Հռոմի թեմի կողմէ և ոգեւորուած Առաքելական Ատեանի կողմէ:
Յիշելով օրուան Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր հանդիսաւոր տօնը Գերապ. Արելլանօ Չետիլլոն հրաւիրեց աղօթել Սրբազան Պապի առողջութեան համար եւ աղօթքին` որուն մտածականները նուիրուած էին «Փառաբանութեան Խորհուրդներուն», իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալներ, կղերական դասի անդամներ, հաւատացեալներ ու բազմաթիւ ուխտաւորներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
