Որոնել

2025.03.22 Recita del Rosario

Փառք տանք Աստուծոյ եւ Տիրամօր` Քահանայապետը տուն կը վերադառնայ. Գերապ. Փիչինոթթի

Ճեմելլիէն հասած ուրախ լուրը իմանալով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Քահանայապետի առողջութեան համար աղօթքին համար համախմբուած հաւատացեալները ծափահարութեամբ ընկալեցին զայն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սրբազան Քահանայապետը տուն կը վերադառնայ։ Փառք տանք Աստուծոյ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամին այս շատ գեղեցիկ լուրին համար, որ հասաւ Ճեմելլիէն։ Մարիամին` որուն կը դիենք Հիւանդաց առողջութիւն եւ Խաղաղութեան Թագուհի տիտղոսներով, վստահութեամբ կը յանձնենք մեր դիտաւորութիւնները։ Յատկապէս շարունակենք աղօթել Ֆրանչիսկոս Պապին համար, որպէսզի Տէրը զինք պահպանէ քնքշութեամբ ու թիկունք կանգնի Անոր` Եկեղեցւոյ առաջնորդութեան մէջ»։

Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան տնօրինութեան նախագահ Գերապայծառ Ճորտանօ Փիչինոթթի վերոնշեալ այս խօսքերով սկիզբ տուաւ, շաբաթ 22 Մարտի երեկոյեան ժամը 7,30ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքին, իր կարգին հաւատացեալներուն փոխանցելով այն ուրախալի եւ սպասուած լուրը, որ աղօթքէն գրեթէ մէկ ժամ առաջ յայտարարուած էր Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին եւ որ ծափահարութեամբ ընկալուեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ գտնուող հաւատացեալներէն։

Վարդարանի առօրեայ այս աղօթքը սկսած էր 24 Փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդանոց մտնելէն տասը օր ետք ու շարունակուած էր կրկնուիլ ամէն երեկոյ, մասնակցութեամբ կարդինալներու, եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու, նորընծաներու ու աշխարհական հաւատացեալներու։

«Սուրբ Վարդարանի աղօթքով կ՛ուզենք թոյլ տալ առաջնորդուիլ Մարիամէն, անոր անարատ սրտի լռութեան մէջ, սիրտ որ գիտցաւ պահպանել ու խորհրդածել Յիսուսի իւրաքանչիւր արարքի ու խօսքի մասին։ Հետեւելով Սուրբ Կոյսին, իր Զաւկի կեանքի Խորհուրդներուն ընդմէջէն, մենք եւս սորվինք վստահիլ, յուսալ եւ քալել լոյսին մէջ։ Թող Սուրբ Վարդարանի այս աղօթքը մեզի բոլորիս համար ըլլայ աղբիւր մխիթարութեան եւ ուժի ու օգնէ վերանորոգելու մեր յանձնառումը` ապրելու որպէս իրական քրիստոնեաներ, Աւետարանի հաւատքի վկաներ, Աստուծոյ սիրոյն գործիքներ եւ խաղաղութիւն կառուցողներ» ըսաւ միշտ Գերապայծառ Փիչչինոթթի նախ քան Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը գլխաւորելը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2025, 20:15