Որոնել

Քահանայապետին նուիրուած աղօթք Քահանայապետին նուիրուած աղօթք  (Vatican Media)

Քահանայապետին ընկերանանք աղօթքով. Գերապայծառ Զանի

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ 20 Մարտի երեկոյեան եւս տեղի ունեցաւ անցեալ 14 Փետրուարէն սկսեալ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար զոր գլխաւորեց Հռոմէական Սուրբ եկեղեցւոյ արխիւագէտ և գրադարանավար գերապ. Անճելօ Վինչենցօ Զանին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Վարդարանի աղօթքով, աղերսենք Եկեղեցւոյ Մօր, Սուրբ Կոյս Մարիամին, Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար, որուն կ՛ընկերանանք ամէն օր»։ Այս խօսքերով է, որ Հռոմէական Սուրբ եկեղեցւոյ արխիւագէտ և գրադարանավար գերապ. Անճելօ Վինչենցօ Զանին, սկիզբ տուաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նուիրուած Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ 20 Մարտի երեկոյեան ժամը 19,30ին տեղի ունեցած Սուրբ Վարդանի ջերմեռանդական աղօթքին, որուն ընթացքին խորհրդածութիւնները կեդրոնացան «Լոյսի Խորհուրդներու վրայ» այսինքն Յիսուսին մկրտութիւնը Յորդանանին մէջ (Ղուկ. 3,21-22), Կանայի հարսանիքը (Յով. 2,1-12), Թագաւորութեան հռչակումը (Մարկ. 1,15), Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը (Ղուկ. 9,28-36) Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումը (Ղուկ. 22,14-20)։

Աղօթքին մասնակցեցան հռոմէական Քուրիայի և Հռոմի թեմի անդամ կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, առաջնորդներ, քահանաներ, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ։ Ողջոյն քեզ Մարիամի հինգ տասնեակները, Ողջ Լեր թագուհի աղօթքը եւ լիթանիան արտասանելէն յետոյ Գերապայծառ Զանի աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Սուրբ Կոյսի միջնորդութեամբ, թիկունք կանգնի հաւատքին և վերակենդանացնէ հաւատացեալներու յոյսը, «որպէսզի ոչ մէկ խոչընդոտ» չստիպէ անոնց «շեղելէ դէպի փրկութիւն տանող ճանապարհէն»:

Ջերմեռանդական աղօթքը աւարտեցաւ «Oremus pro Pontifice» Քահանայապետին նուիրուած աղօթքով ու Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած երգով։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2025, 08:00