Գերապ. Նափփա` աղօթենք Քահանայապետին եւ անոր դիտաւորութիւններուն համար յատկապէս խաղաղութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս հրապարակը` շաբաթ 15 մարտի երեկոյեան եւս ականատես եղաւ հաւատացեալներու համախմբումին որոնք միասնաբար աղօթեցին Սուրբ Վարդարանը Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար։ Աղօթքի կազմակերպումը եւ ոգեւորումը յանձնուած էր Վատիկան Պետութեան Կառավարութեան եւ զայն գլխաւորեց Կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Գերապ. Էմիլիոյ Նափփան։
Աղօթքին սկիզբը Ան հրաւիրեց հաւացեալները «այս գիշեր եւս համախմբուելու աղօթքի մէջ Սրբազան Պապին եւ անոր դիտաւորութիւններուն համար, նախ եւ առաջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար ու աշխարհի բարիքին ու Եկեղեցւոյ սրբացման համար»
Մարիամ Եկեղեցւոյ Մայր սրբապատկերը զետեղուած Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի հրապարակի ամպիոնին վրայ կը հսկէր այնտեղ գտնուող աղօթարար բազմութեան վրայ, որոնք շարքին էին կարդինալական դասի անդամներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ, ու բազմաթիւ հաւատացեալներ` որոնք աղօթեցին Ուրախութեան Խորհուրդներու Սուրբ Վարդարանը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
