Որոնել

Rosary prayer for Pope Francis at St. Peter's Square

Կարդինալ Տէ Մենտոնսա. Ընկալենք դիւրաբեկութեան ու տառապանքի Վարդապետութիւնը

Մշակոյթի ու Դաստիարակութեան վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսա գլխաւորեց 9 Մարտի երեկոյեան Քահանայապետի առողջութեան նուիրուած Վարդարանի աղօթքը։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քառասնորդացի առաջին Կիրակիին առիթով, դարձեալ կրկնուեցաւ, Պետական Քարտուղարութեան ու Հռոմի Թեմին կողմէ կազմակերպուած Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի հրապարակին վրայ կայացած Վարդարանի աղօթքը, նուիրուած Քահանայապետին առողջութեան, զոր այս անգամ գլխաւորեց Մշակոյթի ու Դաստիարակութեան Վերատեսուչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան ի միջի այլոց նշելով` որ «ոչ միային քրիստոնեաները այլեւ այլ կրօններու հաւատացեալներ եւ նաեւ անհաւատներ իրենց սիրտը կը միացնեն Ֆրանչիսկոս Պապին շուրջ»։

«Մեր աղօթքները ու մեր սէրը թող մօտիկ ըլլան անոր ու միաժամանակ պատրաստ ըլլանք ընկալելու դիւրաբեկութեան ու ցաւի Վարդապետութիւնը որ այս պահուն մեզի կը սորվեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապը» աւելցուց Ծիրանաւորը, Նորին Սրբութեան սոյն Վարդապետութիւնը որակելով «թանկարժէք» որ «մեզ պատասխանատու կը դարձնէ ընկերանալու եւ հոգ տանելու հիւանդներուն, աղքատներուն ու բոլոր անոնց« որոնք կը տառապին»։

Ան ապա բոլորը հրաւիրեց իրենք զիրենք յանձնելու Մարիամին «յոյսի ուսուցչուհի ու պահապան, որ հաւատարմօրէն մնաց Յիսուսի խաչի ոտքին», որպէսզի «մեզի սորվեցնէ խաչին բեռը եղբայրական կերպով բաժնեկցելու արուեստը», ըսաւ միշտ Կարդինալ Տէ Մենտոնսան, գլխաւորելով Սուրբ Վարդարանի Փառաբանութեան Խորհուրդներու մտածականները, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարդինալական դասի անդամներ, Եպիսկոպոսներ, Քահանաներ, Մայրապետներ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Նշենք` որ երկուշաբթի 10 Մարտէն սկսեալ, ի տես Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան նիստերուն, վերոնշեալ աղօթքը պիտի կատարուի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն, Հոգեւոր Կրթութեան երկրորդ մտածականի աւարտին, յետմիջօրէի ժամը վեցի ժամանակները, որ ապա ուղիղ եթերով պիտի սփռուի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած հսկայական պաստառներուն վրայ, առիթ տալու հաւատացեալներուն որ իրենց եւս մասնակցին աղօթքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2025, 08:00