Կարդինալ Ֆերնանտէս. Քահանայապետը ի սիրտ ունի աղօթքը` որ նուիրուած է պատերազմէն, հիւանդութենէն ու աղքատութենէն տառապողներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Խնդրեմ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար», պարզ աղերսանք մըն է սա, բայց լի իմաստով, որ բարակ եւ ամուր թելի նման կ՛ընկերանայ Ֆրանչիսկոս Պապի հովուապետութեան տարիներուն:
28 Փետրուարի երեկոյեան եւս այդ աղերսը արձագանքեց հաւատացեալներու սրտերուն մէջ, որոնք հաւաքուած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ՝ աղօթքով համախմբուելու համար Նորին Սրբութեան շուրջը՝ միահիւսելով յոյսն ու նուիրումը Վարդարանի հատիկներու ընդմէջէն։
Աղօթք` որ Սրբազան Պապին սրտին կը խօսի, այն իղձով, որ ան իր անձէն անդին երթայ եւ հասնի բոլոր անոնց, որոնք աշխարհի մէջ կ՛ապրին յատուկ ողբերգական ու ցաւալի պահ մը, իրենց վրայ կրելով պատերազմի, աղքատութեան կամ հիւանդութեան բեռը։ «Անոնց է` որ կը միանայ նոյնինքն Քահանայապետը իր աղօթքներով» նշեց Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին սկիզբը Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչը, Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսը, որ գլխաւորեց Սրբազան Քահանայապետի առողջութեան նուիրուած Վարդարանի աղօթքը, Եկեղեցւոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամի հայեացքին ներքոյ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։
Կարդինալներ, քահանաներ, մայրապետներ ու աշխարհի տարբեր վայրերէն բազմաթիւ հաւատացեալներ իրար հետ միասին, որպէս Աստուծոյ մէկ ժողովուրդ, հաւատքի միասնական եղանակով, իրենց աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած, հայցելով Սրբազան Պապին ապաքինումը։
Չարչարանքի Խորհուրդներուն վրայ կեդրոնացած այս հինգերորդ օրուայ Վարդարանի աղօթքը ընթացաւ, նախ Աւետարանի ընթերցումով, հուսկ մէկ հայր մեր եւ տասը ողջոյն քեզ Մարիամներու վարդարանի հատիկները սահեցնելով, որուն հինգ խորհուրդներու մասին խորհրդածելէն ետքը` Քրիստոսը Պիղատոսի առջեւ, ձաղկումը ու փուշերով պսակումը, մինչև Գողգոթա տանող ճանապարհը և, վերջապէս, խաչը, յաջորդեց Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր նուիրուած Լիթանիան, հուսկ «Oremus pro Pontifice» եզրափակիչ աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
