Դիմենք Մարիամին, մայրը, որ կ՛ օգնէ և կը մխիթարէ, Քահանայապետի առողջութեան համար. Կարդինալ Ռոքէ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, այս երեկոյ Սուրբ Վարդարանի աղօթքով, դիմենք Մարիամին, հիւանդաց առողջութիւն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առողջութեան համար». Կարդինալ Արթուր Ռոքէյին խօսքերն են ասոնք զոր Ան արտասանեց երեքշաբթի 5 Մարտի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին սկիզբը, որ նուիրուած էր` անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առողջութեան։
Պետական քարտուղարութեան եւ Հռոմի Թեմի կողմէ կազմակերպուած այս անընդմէջ աղօթքի ժամադրութիւնը հասաւ իր իններորդ օրուան, որուն կը մասնակցին Սուրբ Աթոռի վերնախաւի ներկայացուցիչներ, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ ու նաեւ բազմաթիւ աշխարհականներ, որոնք Եկեղեցւոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերին առջեւ կը հայցեն անոր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Նորին Սրբութիւնը վերագտնէ իր առողջութիւնը։
«Սուրբ Կոյսը, որ եզակի կերպով մասնակցած է Խաչի խորհուրդին, կը փայլի որպէս յոյսի նշան անոնց, որոնք կը հայցեն անոր օգնութիւնը: Որպէս հոգատար Մայր՝ ԱՆ կ՛օգնէ և կը մխիթարէ իր զաւակներէն իւրաքանչիւրին, զոր Յիսուս վստահեցաւ իրեն», ըսաւ ապա Ծիրանաւորը բացումը կատարելով սուրբ վարդարանի աղօթքին, որուն խորհրդածութիւնները կեդրոնացած էին տրտմութեան խորհուրդներուն վրայ` Յիսուսին աղօթքը եւ տագնապը Ձիթենեաց պարտէզին մէջ, Խարազանումը, Յիսուսին թագադրումը փշէ պսակով, Յիսուսին դէպի խաչելութիւն ընթացքը, ապա խաչելութիւնը։
Սուրբ Վարդարանի աղօթքը աւարտեցաւ «Ո՛ղջ լեր, թագուհի» աղօթքով եւ ըստ լատինաց «Oremus pro Pontifice» Քահանայապետին նուիրուած աղօթքով, որուն աւարտին Կարդինալ Ռոքէն բոլոր ներկաները արձակեց անոնց տալով իր օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
