Որոնել

2025.03.08 Recita del Rosario

Կարդինալ Չեռնի գլխաւորեց Քահանայապետի առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքը

Անցեալ 24 Փետրուարէն, ամէն երեկոյ ժամը ինին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, կը կատարուի Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, Ֆրանչիսկոս Պապին շուտափոյթ ապաքինումի դիտաւորութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոս հրապարակի ամպիոնի վրայ զետեղուած «Մարիամ Եկեղեցւոյ Մայր» սրբապատկերին առջեւ, շաբաթ 8 մարտի երեկոյեան ժամը ինին, կրկնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքը որ սկիզբ առած է անցեալ 24 Փետրուարին ու ամէն գիշեր կը կատարուի մասնակցութեամբ կարդինալներու, եպիսկոպոսներու, առաջնորդներու, քահանաներու, Հռոմի Քուրիայի և Հռոմի թեմի կրօնաւոր կրօնաւորուհիներու ու հարիւրաւոր հաւատացեալներու։

Շաբաթ օրուայ Վարդարանի Խորհուրդները նուիրուած էին Ուրախութեան Խորհուրդներուն` այսինքն Աւետումը, Մարիամի այցը Եղիսաբեթին, Քրիստոսին Ծնունդը, Տեառնընդառաջը եւ Տասներկու ամեայ Յիսուսի վերագտնելը տաճարին մէջ։ Աղօթքին բացումը կատարեց ու նախագահեց Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի որ նախ քան Վարդարանի աղօթքը ըսաւ. «Մեր հայեացքը սեւեռած Յիսուսին, այս երեկոյ եւս կը վստահինք Անոր` որ «Մայրն է Եկեղեցւոյ» ու մեր Մայրը, աղօթելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առողջութեան համար։ Վստահ ենք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, որ կը փայլի մեր ճանապարհին վրայ՝ ի նշան մխիթարութեան և վստահ յոյսի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2025, 21:45