2025.03.12 Recita del Rosario

Կարդինալ Քովաքատ. Աշխարհը կ՛աղօթէ Քահանայապետին համար, նաեւ այլ կրօններու հաւատացեալներ եւ անհաւատներ

Աղօթքին սկիզբը Ծիրանաւորը հրաւիրեց Սրբազան Քահանայապետը եւ բոլոր հիւանդները յանձնել Մարիամի հովանիին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր կէսօրէն ետք Պօղոս Զ դահլիճին մէջ Քահանայապետական Տան քարոզիչ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիին գլխաւորած Հոգեւոր Կրթութիւններու եօթներորդ մտածականի աւարտին, տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, զոր գլխաւորեց Միջ կրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Ժորժ Եաքով Քովաքատը, մասնակցութեամբ կղերական դասին, մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած պաստառներէն եւ վատիկանի լրատուամիջոցներու միջոցաւ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով։

Աղօթքին սկիզբը Ծիրանաւորը հրաւիրեց Սրբազան Քահանայապետը եւ բոլոր հիւանդները յանձնել Մարիամի հովանիին։

«Այս օրերուն մինչ Սրբազան Պապը կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ համայն աշխարհէն հասան զօրակցութեան եւ մօտիկութեան յուզիչ պատգամներ, ինչպէս նաև անոր ապաքինման համար Երկինք բարձրացած բազմաթիւ աղօթքներու հաւաստիացում» ըսաւ Կարդինալ Քովաքատ աւելցնելով որ «քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու հաւատացեալներուն հետ ու նաեւ բազմաթիւ անհաւատներուն հետ որոնք կը գնահատեն ու կը սիրեն Ֆրանչիսկոս Պապը եւ մտահոգ են անոր առողջութեան համար» Քահանայապետը եւ միւս բոլոր հիւանդները կը յանձնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

«Մեր աղերսը միացնենք աղքատներու աղերսանքին որովհետեւ անոնց աղօթքը աւելի արդիւնաւէտ է, ինչպէս գրուած է Սիրաքայ գիրգին մէջ. «Աղքատին աղօթքը կը բարձրանայ դէպի Աստուծոյ ականջը ու անոր դատումը պիտի ըլլայ ի նպաստ աղքատին։ Աղքատին աղօթքը կ՜անցնի ամպերուն մէջ եւ չի հանգչիր մինչեւ որ չի հասնի, չի յանձնուիր, մինչեւ որ Բարձրեալը չի միջամտէ» ըսաւ ապա Կարդինալ Քովաքարտը սկիզբ տալով Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին որուն խորհրդածութիւնները կեդրոնացած էին փառաբանութեան Խորհուրդներուն վրայ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2025, 19:29