2025.03.08 Recita del Rosario

10 Մարտէն Քահանայապետի համար Վարդարանը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ

Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար երեկոյեան կայացած Վարդարանի աղօթքները պիտի կատարուին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ուր կը կատարուի նաեւ Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութիւնը։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վաղուընէ սկսեալ, Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան զուգահեռ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առողջութեան համար երեկոյեան Սուրբ Վարդարանի աղօթքը պիտի կանխուի ու տեղի պիտի ունենայ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ժամը 17-ին կայացած մտածականի ու ժամասացութեան աւարտին»- Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Աւանդութեան համաձայն այս ամփոփումի եւ աղօթքի ժամանակը Սրբազան Պապի համագործակիցներուն համար կը ներկայացնէ զատորոշումի ու լռութեան պահ մը, որոնք պիտի հաւաքուին խորհրդածութեան հոգիով ու Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեամբ շարունակելով աղօթել Սրբազան Պապի առողջութեան համար։

Հաւատացեալները որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս աղօթքի յաւելեալ պահին, կարող են անոր հետեւիլ Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ զետեղուած մեծ պաստառներու եւ Վատիկանի լրատուամիջոցներու միջոցաւ։

Հոգեւոր կրթութիւններու աւարտին, ուրբաթ 14 Մարտին, հասարակական աղօթքը պիտի վերսկսի նորոգուած ձեւով, մնալով միշտ հաւատքի ու եկեղեցական հաղորդութեան նշան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2025, 13:35