Ֆրանչիսկոս Պապ մէկ միլիոն եւրօ նուիրեց բնակարանային շտապ օգնութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերջերս մէկ միլիոն Եւրօ նուիրեց Don Roberto Sardelli-ի հիմնադրամին, բնակարանային անկանխատեսելի պարագաներուն համար ու այդ գումարը պիտի օգտագործուի վերանորոգելու համար Հռոմի Վէրճէրիօ թաղամասին մէջ գտնուող Կղերի տունը, բաժնելով զայն 20 յարկաբաժիններուն ու յատկացնել դժուարութեան մէջ գտնուող մարդոց։
Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրատուութեան մասին յայտարարուած էր անցեալ 30 յունուարին, Տօն Սարտէլլի յիշատակի օրը, սակայն ճիշդ գումարին մասին յայտարարած էր Հռոմի թեմի տեղակալ Կարդինալ Պալտասար Ռէյնա, Հռոմի թեմի քահանաներուն ուղղած նամակին մը մէջ։
Ի տես Յոբելինական Սուրբ Տարուան, Ֆրանչիսկոս Պապը վերջերս հրաւիրած է Հռոմի եկեղեցւոյ անդամները հասանելի դարձնելու բնակարանները, անապահով պայմաններու մէջ գտնուող անձերուն, ընտանիքներուն։
Հռոմի թեմի տեղակալ, Կարդինալ Ռէյնա կղերի անդամներուն յղած նամակի մը մէջ ընդգծած է յոյսի եւ եղբայրսիրութեան շօշափելի ժեսթի կարեւորութիւնը ու թեմական ընդհանուր ժողովին մը ընթացքին, քննարկուած է բնակարաններու հարցը ու այս առումով կարդինալ Ռէյնա անհրաժեշտ համարած է այդ քննարկումներուն շօշափելի գործողութիւններով հետեւիլ։
Կարդինալ Ռէնայ առաջարկած է, որ Sardelli հիմնադրամին շնորհուած գումարները յատկացուին այն բոլոր ընտանինքերուն, որոնք դժուարութիւն ունին իրենց տան վարձքը վճարելու ու հրաւիրած կղերի անդամները որ իրենց ամսականէն մաս մը նուիրեն բարեգործական ծրագիրներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
