Որոնել

2025.03.03 Recita del Rosario - Card. Francis Prevost

Կարդինալ Փրեվօ. Քահանայապետը յանձնենք Մարիամին որ կը կազդուրէ եւ կը մխիթարէ անոնք` որոնք իրմէ օգնութիւն կը հայցեն

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Վարդարանի աղօթք Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկեղեցւոյ Մայր` Մարիամին հետ միասին աղօթենք Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար». Այս է հրաւէրը` զոր ուղղեց Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան վերատեսուչը, Կարդինալ Ռոպեր Փրեվոն, որ երէկ 3 Մարտի երեկոյեան` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։

Ութերորդ օրն ըլլալով Սուրբ Պետրոս հրապարակը վայրը դարձաւ, ուր ամէն ազգութենէ հաւատացեալները համախմբուելով Կարդինալներու, Եպիսկոպոսներու, Քահանաներու եւ կրօնաւոր կրօնաւորուհիներու հետ միասին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած հայցելով անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համար ապաքինում։

Վատիկան Քաղաքի փոխանորդութեան կողմէ կազմակերպուած այս աղօթքի արարողութեան սկիզբը Կարդինալ Փրեվոն ընդգծեց որ Սուրբ Կոյսը` «Սուրբ Յոյսին Մայրը, կը խնամէ, կը կազդուրէ եւ կը մխիթարէ բոլոր անոնք, որոնք կը դիմեն անոր օգնութեան»։ «Թող այս մէկը մեզի համար եւս այս գիշեր ըլլայ մխիթարութեան եւ վստահելի յոյսի նշան» աւելցուց Ծիրանաւորը, որ «Եկեղեցւոյ Մայր Սուրբ Կոյս Մարիամի» պատկերին առջեւ, որ զետեղուած էր Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի հրապարակին վրայ գտնուող ամպիոնի վրայ, սկիզբ տուաւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքին, որուն խորհրդածութիւնները նուիրուած էին «Ուրախութեան խորհուրդներուն» այսինքն` Աւետումը, Մարիամի այցը Եղիսաբեթին, Յիսուսին Ծնունդը, Տեառնընդառաջը եւ Տասներկու ամեայ Յիսուսին գտնելը տաճարին մէջ։

Սոյն խորհրդածութիւններէն ետքը եւ «Ուրախ Լեր»ի աղօթքէն ետքը, Կարդինալ Փրեվոն աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած խնդրեց, որ ուղարկէ իր հոգին, «մեր դիւրաբեկութեան օգնութեան եւ որպէսզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալով, աճինք սիրոյ մէջ ու քալենք միասին մինչեւ երանելի յոյսի նպատակակէտ»։

Աղօթքը վերջ գտաւ Քահանայապետին նուիրուած «Oremus pro Pontifice» երգեցողութեամբ ու եզրափակիչ օրհնութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2025, 08:00