Ֆրանչիսկոս Պապին մոխրոց օրուան քարոզը, զոր կարդաց Կարդինալ Տէ Տոնաթիսը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 5 մարտին, ըստ Լատինաց ծէսին Մոխրոց օրն է։ Այս առթիւ, Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, Ե. դարուն կառուցուած` ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Կարդինալ Անճէլ Տէ Տօնաթիս, որպէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատուիրակ մատուցեց Սուրբ պատարագ եւ նախագահեց Մոխրոց օրուայ արարողութիւնը, զոր սկիզբ առաւ ''ապաշխարութեան'' թափօրով` Սանդ Անսելմօ եկեղեցիէ սկսեալ մինչեւ, Սանթա Սապինայ պազիլիքայ, մասնակցութեամբ կղերական դասին, Կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ երկու եկեղեցիներու կրօնաւորական Միաբանութիւններու անդամներուն` Պենետիկտեան եւ Տոմինիքեան հայրերը, ու աշխարհական հաւատացեալներուն։
Սանթա Սապինա Պազիլիքային մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին կարդինալ Անճէլօ Տէ Տոնադիս, Աւետարանի ընթերցումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը կարդալէ առաջ իր եւ համայն հաւատացեալներուն մօտիկութիւնը յայտնելով Պապին ըսաւ « Մենք խորապէս միացած ենք իրեն հետ այս պահուն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք իր աղօթքներուն եւ իր տառապանքներուն համար՝ ի բարօրութիւն եկեղեցւոյ եւ ողջ աշխարհին»։
Կարդինալ Տէ Տոնադիս ապա կարդաց Ֆրանչիսկոս Պապին պատրաստած քարոզը, որուն մէջ քահանայապետը խօսքը կեդրոնացնելով մոխիրի իմաստին վրայ նշեց, թէ մոխիրը զոր կը ստանանք մեզի կը յիշեցնէ մեր փխրունութիւնն ու մահկանացութիւնը, սակայն նաեւ կը յիշեցնէ Աստուծոյ հետ յաւիտենական կեանքի յոյսը ու մոխիրը ստանալու արարողութիւնը հրաւէր է խորհելու մեր մարդկային այն վիճակին մասին, որ մենք մոխիր ենք, հողէն ստեղծուած ենք եւ վիճակուած ենք վերադառնալու անոր։
Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ կը նշեց, որ մեր գոյութիւնը յատկանշուած է փխրունութեան, հիւանդութեան եւ տառապանքի պահերով ու յաճախ կը գտնուինք պատերազմներով եւ անորոշութիւններով բնորոշուած աշխարհի մէջ։ Քահանայապետը քարոզի մէջ նկատել տուաւ, որ Քառասնորդացը մեզ կը յորդորէ նայելու մեր ներսը, ճանչնալով մեր տկարութիւնները, առանց թողելու, որ մեր գլուխները ցած պահենք ,այլ կը հրաւիրէ մեր հայեացքը բարձրացնելու Անոր, որ մեզի փրկութիւն եւ յոյս կը շնորհէ։
Քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Յիսուս մարմնաւորուելով մեր փխրունութեան մէջ, մեզի ցոյց կու տայ Յարութեան ուղին՝ մոխիրը փոխելով յոյսի ու Յիսուսի մահն ու Յարութիւնը մեզ կը հաշտեցնեն Աստուծոյ հետ ու վստահութիւնը կու տան, որ նոյնիսկ մահուան դիմաց, մենք չենք կորսնցներ մեր արժանապատուութիւնը։ Քահանայապետը ընդգծեց որ Քրիստոնէական յոյսը մեզ չտանիր անտեսելու իրականութիւնը, այլ մեզի ուժ կու տայ զայն հաւատքով դիմագրաւելու։ Քառասնորդացը ապաշխարութեան ժամանակ է, Աստուծոյ վերադառնալ է ու մեզի կը հրաւիրէ, որ մեր փխրունութիւնը լուսաւորուի Յարուցեալի յոյսով։ Քառասնորդացը հրաւէր ողորմութեան արարքները կատարելու, աղօթելու ինչպէս նաեւ ծոմ պահելու ու այս արարքները մեզի կ՝օգնեն կառուցելու աւելի արդար աշխարհ մը եւ սնանելու այն վստահութիւնը, որ հակառակ մեր տկարութիւններուն, Աստուծոյ կողմէ սիրուած ենք ու նախատեսուած յաւիտենական կեանքի։
Մեր գլխուն վրայ մոխիրով, մենք կ՝ուղղուինք դէպի Զատիկ, այն գիտակցութեամբ որ պատմութիւնը կապուած է երկինքին հետ եւ որ Աստուած կը դուրս կը հանէ մահուան մոխիրը, շնորհելով մեզի նոր կեանք մը։ Այս յոյսով հաշտուինք Աստուծոյ հետ եւ ապրինք մեր կեանքը որպէս յոյսի նշան ուրիշներուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
