Ֆրանչիսկոս Պապ. Արդար հասարակութիւն մը չկառուցուիր ձայն չ՝ունեցողները վերացնելով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 8 մարտին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Սուրբ Պատարագ մատուցեց, «Կեանքի համար շարժում» կազմակերպութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։
Պատարագին ընթացքին ծիրանաւորը կարդաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, «Ճեմելլի» հիւանդանոցին մէջ պատրաստած պատգամը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ կ՝ողջունէ յիշեալ կազմակերպութեան բոլոր ղեկավարները, անդամները ու բարձր կը գնահատէ անոնց եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ մատուցած ծառայութիւնները։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ եկեղեցւոյ շարժումին անդամներուն՝դժուարութեան մէջ գտնուող մայրերուն հանդէպ անոնց կատարած բոլոր աշխատանքներուն համար, ինչպէս նաեւ կեանքի մշակոյթի խթանման գործին մէջ անոնց ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կը յիշէ «Կեանքի համար շարժումի» կազմակերպութեան կարեւոր դերակատարներէն, Քարլօ Քազինին նշելով, որ անոր օրինակը կը շարունակէ հաւատարմութիւն ներշնչել մարդկային կեանքին, ապա ակնարկելով կազմակերպութեան պատմութեան մասին կ՝ընդգծէ, որ այդ շարժումը սկիզբ առաւ Ֆիրենցէ քաղաքին մէջ՝ 1975ին, առաջին օգնութեան կեդրոնով, որ յանգեցուց բազմաթիւ կեդրոններուն՝ հիւրընկալութեան կեդրոններուն եւ նախաձեռնութիւններուն ստեղծման՝ խթանելու համար մարդկային իրաւունքները ինչպէս նաեւ կեանքի պաշտպանութիւնը։
Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը խրախուսէ «Կեանքի համար շարժում»ի բոլոր անդամները շարունակելու պաշտպանել մայրութիւնն ու մարդկային կեանքը իր բոլոր բուլերէն ներս, մասնաւորապէս ընկերային միջավայրին մէջ, ուր կը գերազանցէ մնացորդաց մշակոյթը, կը գնահատէ նաեւ երիտասարդներու աճող զգայունութիւնը արարչագործութեան խնամքի նկատմամբ զգուշացնելով, որ անհրաժեշտ է պայքարիլ այն մտածելակերպին դէմ, որ կը տանի ամենախոցելիներուն վերացումին։
«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, եկած էք Իտալիոյ բոլոր վայրերէն անգամ մը եւս վերանորոգելու համար ձեր «այո»ն սիրոյ քաղաքակրթութեան, գիտակցելով որ կանայք ազատելը այն պայմաններէն՝ որ կը դրդեն անոնց չծնիլ իրենց զաւակը, քաղաքացիական ընկերութեան վերանորոգումի սկզբունք է» գրած է Սրբազան Հայրը քաջալերելով եկեղեցական շարժումի անդամները կեդրոն զետեղելու մարդու արժնապատութիւնն ու կանանց զօրակցութիւնը, որպէսզի անոնք խիզախօրէն կարենան դիմակայել մարդկային մարտահրաւէրներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ որ «Կիները պէտք է, որ աջակցուին եկեղեցական եւ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ ու Կեանքի օգնութեան կեդրոնները կարող են վճռորոշ դեր ունենալ։ Ան պատգամը կ՝աւարտէ Հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Տիրամօր հովանին, յանձնելով ապա իւրաքանչիւրին ծառայութիւնները Քալքութային Սրբուհի Թերեզային ու կը խնդրէ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Նշենք, թէ Վատիկանի Պետքարտուղարը, Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը կարդալէ ետք, խորհրդածութիւն մը կատարեց Յիսուսի մասին՝ որ Կեանք է բարձր արժեւորելով տարբեր շարժումներուն կեանքի համար մատուցած ծառայութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
