Ֆրանչիսկոս Պապ . Իրական ուրախութիւնը կը յառաջանայ Աստուծոյ հանդէպ վստահութենէ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Իտալիոյ մէջ եկեղեցիներու սինոդական երկրորդ ընդհանուր ժողովի կապակցութեամբ։ Պատգամին մէջ քահանայապետը ողջունեց Իտալիոյ մէջ եկեղեցիներուն սինոդական երկրորդ ընդհանուր ժողովին մասնակիցները ընդգծելով վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին ձեռնարկուած ընկերային եւ հովուական ծառայութեան ուղեգիծի կարեւորութիւնը։
Անդրադառնալով ընդհանուր ժողովին տիտղոսին, «Որպէսի ուրախութիւնը լիակար ըլլայ, նորին Սրբութիւնը նշեց, որ քրիստոնեայ ուրախութիւնը ներառական է եւ կը յայտնուի առօրեայի եւ բաժնեկցութեան մէջ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։
«Դա Աստուծոյ պարգեւն է, պէտք է յիշենք, որ դա դիւրին ուրախութիւն չէ, ան չի յառաջանար խնդիրներուն հարմարաւէտ լուծումներէն, ան չխուսափիր խաչէն, բայց կը բխի այն վստահութենէն, որ Տէրը մեզ երբեք մինակ չձգեր։ Ես ինքս փորձառութիւն ունեցայ հիւանդանոցի մէջ, նաեւ հիմա ապաքինման ժամանակ։ Քրիստոնեայ ուրախութիւնը Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն է՝ կեանքի իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ» գրեց Սրբազան Հայրը, Ան ապա պատգամը
աւարտեց քաջալերելով եպիսկոպոսները յառաջ ընթանալու ուրախութեամբ եւ իմաստութեամբ։ Ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
