Ֆրանչիսկոս Պապ. «Վիրաւորուած ընտանիքի ցաւը բուժելու համար լաւագոյն դեղամիջոցը ներումն է»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 4 մարտին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։ Հարկաւոր է նշել որ տեսերիզը պատրաստուած էր մի քանի ամիսներ առաջ, եւ նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդանոց մտնելը։
Աղօթքի Միջազգային ցանց քահանայապետական կազմակերպութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Մարտ ամսուայ համար Իր աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրած է դժուարութիւններուն մէջ գտնուող ընտանիքներուն, նիւթ մը` որ միշտ կեդրոնական է այսօրուան ընկերութեան մէջ, ուր բաժանումներն ու ամուսնալուծումները կը գերազանցեն բազմաթիւ ազգերու մէջ ամուսնութիւններուն թիւը։
Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ աղօթելու «որպէսզի բաժնուած ընտանիքները կարենան ներումի մէջ իրենց վէրքերուն բուժումը գտնեն, վերագտնելով իրենց փոխադարձ հարստութիւնները նաեւ իրենց տարբերութիւններուն մէջ»։
Մարտ ամսուայ աղօթի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ.
«Մենք բոլորս կ՝երազենք գեղեցիկ, կատարեալ ընտանիքի մասին։ Բայց կատարեալ ընտանիքներ գոյութիւն չ՝ունին։ Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր խնդիրները, ինչպէս նաեւ մեծ ուրախութիւններ։
Ընտանիքին մէջ իւրաքանչիւր մարդ արժէք ունի, քանի որ ան կը տարբերի միւսներէն, իւրաքանչիւր մարդ իւրայատուկ է։
Բայց՝ տարբերութիւնները կարող են առաջացնել բախումներ եւ ցաւալի վէրքեր։
Իսկ վիրաւորուած ընտանիքի մը ցաւը բուժելու լաւագոյն դեղամիջոցը ներումն է։ Ներել կը նշանակէ՝ եւս մէկ հնարաւորութիւն տալ։ Աստուած այդպէս կ՝ընէ մեր հետ շարունակ։
Աստուծոյ համբերութիւնը անսահման է, Ան մեզի կը ներէ, կը բարձրացնէ, թոյլ կու տայ վերստին սկսելու։ Ներողամտութիւնը միշտ կը վերանորոգէ ընտանիքը, թոյլ կու տայ յոյսով առաջ նայելու։
Նոյնիսկ երբ մեր ուզած «երջանիկ աւարտը» հնարաւոր չէ, Աստուծոյ շնորհքը մեզի ուժ կու տայ ներելու եւ խաղաղութիւն կը բերէ, որովհետեւ, Ան մեզ կ՝ազատէ դժգոհութենէն, մասնաւորապէս ոխակալութենէն։
Աղօթենք, որ բաժնուած ընտանիքները կարողանան իրենց վէրքերու ամոքում գտնել ներումի միջոցաւ, վերագտնելով փոխադարձ հարստութիւնը իրենց տարբերութիւններուն մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
