Որոնել

Ցեղապաշտութեան դէմ նուիրուած օր Ցեղապաշտութեան դէմ նուիրուած օր  (Copyright 2011 Brett Jorgensen Photography)

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի անդամներուն

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի, ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն։ Նորին Սրբութիւնը պատգամը յղած է Ճեմելլի հիւանդանոցէն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը յղեց Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի, ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն, որուն վերնագիրն է«Աշխարհի վե՞ րջը, պատասխանատուութիւն եւ յոյսեր»։ Նորին Սրբութիւնը յիշեալ պատգամը յղած է Ճեմելլի հիւանդանոցէն։

Գիտական աշխարհի հետ երկխօսութիւն կատարող եւ կապ ունեցող եկեղեցական անդամներուն եւ գիտականներուն փոխանցած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ընդգծած է անոնց կարեւոր դերակատարութիւնը կեանքի խթանման եւ ընդհանուր բարօրութեան ծիրս ներս ու անդրադարձած է «policrisi – քաղաքական տագնապ» բառին, որ կը նկարագրէ ժամանակակից ճգնաժամերու բարդութիւնը, ինչպէս պատերազմները, կլիմայի փոփոխութիւնները, համաճարակները եւ արհեստագիտական նորարութիւնները։ Այս իրավիճակը կը պահանջէ խոր ցոլացում աշխարհի մասին մեր ըմբռնումին, ինչպէս նաեւ մեր ընկերային գործունէութիւններուն եւ խիղճի քննութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծած է ապա գիտական գիտելիքները լսելու կարեւորութիւնը, նկատելով զայն կարեւոր՝ ներկայի մարտահրաւէրները դիմակայելու համար։ Այս ունկնդրումը՝ եկեղեցւոյ նախաձեռնած սինոդի գործընթացի անբաժանելի մասն է, որ կը հրաւիրէ կառուցողական երկխօսութեան տարբեր գիտելիքներուն եւ փորձառութիւններու, գրած Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ գիտութիւնը նոր հեռանկարներ կ՝առաջարկէ նիւթի եւ յեղաշրջումի վերաբերեալ՝ առաջարկելով բնութեան զօրութենական տեսլական, որ դուրս կու գայ աւանդական ստուգութիւններէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ յիշած է Փիէր Թէյարտ Տէ Շարտին ներդրումը, որ որոնեց միահիւսել հոգեւորութիւնն ու գիտութիւնը, ընդգծելով բոլոր մարդկային էակներուն փոխկապուածութիւնը։ Աշխարհը վերիմաստաւորելու այս կարողութիւնը կարելի է հանգեցնել յոյսերու, որոնք էական նշանակութիւն ունին ընթացիկ ճգնաժամերը դիմադրելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ յոյսը նկարագրած է, որպէս գործօն վերաբերմունք, որ կը դրսեւորուի համայնքային մթնոլորտի մէջ ու ընդգծած է աւելի արդիւնաւէտ միջազգային կազմակերպութիւններուն կարեւորութիւնը՝ համաշխարհային խնդիրները լուծելու համար ինչպէս սովն ու աղքատութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորած է միջազգային մարմինները աշխատելու կայուն բազմակողմնութեան համար՝ ուղղուած ընդհանուր բարօրութեան։

Քահանայապետը պատգամը աւարտած է հրաւիրելով շարունակելու աշխատիլ մարդկութեան ապագային համար, յանձնելով ապա կեանքի համար քահանայապետական կաճարի աշխատանքը Տիրամօր ,շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2025, 11:57