Որոնել

Բնութիւնը, բնապահպանութիւն Բնութիւնը, բնապահպանութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապը Պրազիլի եկեղեցւոյ. «Թող բնութիւնը հանգստանայ շահագործումէն»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քառասնորդացի առթիւ Պրազիլի մէջ կազմակերպուած 2025 թուականի եղբայրակցութեան արշաւի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց, Քառասնորդացի առթիւ, Պրազիլի մէջ կազմակերպուած 2025 թուականի եղբայրակցութեան արշաւի կապակցութեամբ։

Պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով Յոբելինական Սուրբ Տարուան քառասնորդացի շրջանի սկիզբը Իր մօտիկութիւնը յայտնեց Պրազիլի եկեղեցւոյ ու գոհութիւն յայտնեց Պրազիլի եպիսկոպոսաց դասին՝ եղբայրակցութեան արշաւը կազմակերպելնուն համար, միջոցառում որ կը տեւէ աւելի քան 60 տարիներ, ու այս տարի որպէս նիւթ ունի «Եղբայրակցութիւն եւ համապարփակ բնապահպանութիւնը» զոր կը ոգեկոչէ Սուրբ Գիրքի այն հատուածը, ուր նշուած է որ Աստուած ամէն բան «շատ լաւ ստեղծեց»։ (Ծննդ 1, 31։)

Նորին Սրբութիւնը Պատգամին մէջ ապա անդրադարձաւ, որ «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի եւ «Ասուած գովաբանեցէք» առաքելական յորդորագիրին մէջ նշուած դարձի գալու ուղեւորութիւնը հրաւէր մըն է խորհելու շրջակայ միջավայրի հետ մեր յարաբերութեան փոփոխութեան հրատապութեան մասին ու բնապահապանական ճգնաժամը ներքին խոր ապաշխարութեան կոչ մըն է, այնպէս ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս ըսած է՝ երբ կը խօսէր բնահապանական ապաշխարութեան կարեւորութեան մասին՝ մարդկութիւնը ընդհանուր տան աւելի զգայուն դարձնելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձր գնահատեց Պրազիլի եպիսկոպոսաց դասին ջանքերը՝ բնապահպանութիւնը, որպէս կեդրոնական թեման որոշելնուն համար, Քրիստոսի հանդէպ անձնական ապաշխարութեան մէկտեղ, յոյս յայտնելով որ Աստուծոյ շնորհքով կարողանանք փոխել մեր համոզումներն ու գործելակերպը, բնութեան թոյլ տալու համար հանգստանալու մեր հետազօտութիւններէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ այս տարուան արշաւը կը ներկայացնէ Պրազիլի մէջ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը, ի տես նոյեմբերին նախատեսուած COP 30ին, որպէսզի ազգերն ու միջազգային կազմակերպութիւնները կարողանան լրջօրէն անդրադառնալ կլիմայի ճգնաժամին եւ պահպանել արարչագործութիւնը ապագայ սերունդներու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ յոյս յայտնեց, որ այս քառասնորդացի ուղեւորութիւնը պտուղներ դառնայ եւ յոյսով լեցնէ այս յոբելեանի ընթացքին։ Քաջալերեց ապահովուելու որ եղբայրակցութեան արշաւը շարունակէ ըլլայ ազդու աջակցութիւն Պրազիլի հասարակութեան եւ բոլոր անձերուն՝ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին դարձի գալու իրենց ուղեւորութեան եւ համապարփակ բնապահպանութեան հանդէպ իրենց յանձնառութեան մէջ։

ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յանձնելով իր մաղթանքները Ափարեսիտա Տիրամօր պաշտպանութեան, շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը բոլոր պրազիլցիներուն, մասնաւորապէս անոնց որոնք նուիրուած են ընդհանուր տան հոգատարութեան ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2025, 09:24