Որոնել

2021.05.20 migranti invisibili

«Գաղթականներ յոյսի միսիոնարներ»` Գաղթականներու եւ Փախստականներու 111-րդ օրուան կարգախօսը

Գաղթականներու եւ Փախստականներու 2025ի համաշխարհային օրը պիտի կատարուի Հոկտեմբերին, Յոբելեանի հետ միասին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Գաղթականներու եւ Փախստականներու 111-րդ համաշխարհային օրուան որպէս բնական ընտրեցի. «Գաղթականներ յոյսի միսիոնարներ» թեման։ Բազմաթիւ գաղթականները եւ փախստականները յոյսի վկաներ են իրենց Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը դնելու միջոցաւ։ Գաղթականներու եւ Փախստականներու 2025ի համաշխարհային օրը պիտի կատարուի Հոկտեմբերին, Յոբելեանի հետ միասին։ @vaticanIHD_IT

Քահանայապետական «ԻՔՍ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակուած վերոնշեալ գրառումով է որ յայտարարուեցաւ այս տարուայ 2025 տարուայ Գաղթականներու եւ Փախստականներու 111րդ համաշխարհային օրուան բնաբանը` «Գաղթականներ յոյսի միսիոնարներ» եւ որ, ինչպէս նշուած է նոյն գրառումին մէջ պիտի յիշատակուի Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ, որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ գաղթականներու ու փախստականներու Յոյսի Յոբելենական տարուայ ծիրէն ներս ուխտագնացութիւնը` 4 եւ 5 Հոկտեմբերին կազմակերպութեամբ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան։

«Գաղթականներն ու փախստականները «յոյսի միսիոներներ» կը դառնան այն համայնքներուն մէջ, ուր անոնց կ՛ընդուին ՝յաճախ նպաստելով հաւատքի աշխուժացման և ընդհանուր արժէքների վրայ հիմնուած միջկրօնական երկխօսութեան: Անոնք եկեղեցիին կը յիշեցնեն երկրային ուխտագնացութեան վերջնական նպատակը, այն է՝ հասնիլ ապագայ Հայրենիք» գրուած է այս առիթով Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2025, 13:30