Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Կարդինալ Փարոլին. Ֆրանչիսկոս Պապը թող շուտով ապաքինուի եւ մեր մօտ վերադառնայ

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին մատուցեց Սուրբ Պատարագ ներկայութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն։ Սուրբ Պատարագի գաղափարը, որուն ընթացքին յիշեցուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան 12-րդ տարեդարձը բխած է դեսպաններուն խնդրանքէն։ Կարդինալ Փարոլին կոչ ըրաւ ողորմութիւն ցուցաբերելու ուրիշներուն նկատմամբ եւ «զինաթափել լեզուն» չ՝օգտագործելով վիրաւորական բառեր, քանի որ այդտեղէն կը սկսի պատերազմը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 14 մարտին, Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ընդառաջելով Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն խնդրանքին, Վատիկանի Առաքելական պալատին «Պօղոսեան» մատրան մէջ մատուցեց, Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար Սուրբ Պատարագ, ներկայութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն ու հաւատացեալներուն։

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը ծիրանաւորը ողջունեց դիւանագիտական մարմնի անդամներն ու հաւատացեալները ապա խօսքը կեդրոնացուց Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար աղօթքին վրայ նշելով որ այսօրուան սուրբ Պատարագը կը համընկնի Քահանայապետին ընտրութեան 12-րդ տարեդարձին հետ։ Կարդինալ Փարոլին ապա շեշտեց, որ աղօթքը պէտք չէ միայն խնդրանքներու ցանկ ըլլայ, քանի որ Աստուած արդեն գիտէ մեր կարիքները, այլ պէտք է ըլլայ Անոր խօսքը լսելու առիթ։

Կարդինալ Փարոլին ապա իր խօսքը կեդրոնացուց օրուան աւետարանին վրայ ուր կ՝ընդգծուի, որ իսկական արդարութիւնը պէտք է գերազանցէ մարդկային տրամաբանութիւնները եւ դրսեւորուի ուրիշներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ հիմնուած եղբայրսիրութեան վրայ։ Կարդինալ Փարոլին յիշեց մերձաւորի հանդէպ սիրոյ կարեւորութիւնը, մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչը զգուշացուց, թէ ֆիզիքական բռնութենէն զերծ մնալը բաւարար չէ. Զայրոյթն ու բանաւոր վիրաւորանքը նոյնիսկ ծանր են, համարժէք սպանութեան։

Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, թէ ինչպէս հակամարտութիւններն ու պատերազմները կը յառաջանան մարդուն սիրտէն՝ ատելութեան եւ թշնամութեան զգացումներէն եւ ինչպէս անհրաժեշտ է զինաթափել յարձակողական լեզուն։ Եղբայրսիրութիւն պէտք է գերիշխէ իւրաքանչիւր պարտականութեան վրայ ու եղբայրներուն հետ հաշտութիւնը երկրպագութենէն առաջ է։ Ան յորդորեց հաշտութիւնը փնտռել Տիրոջ ընծայ մատուցելէ առաջ, ընդգծելով որ ան այդպէս չկատարեր կեղծաւոր արարք կատարած կ՝ըլլայ։

Կարդինալ Փարոլին քարոզը աւարտեց յորդորելով ներողամտութիւն խնդրել եւ վերաբերմունքը փոխել ողջունելով բարի զգացումները։ Հրաւիրեց ապրելու ներկային մէջ, ճանչնալու սեփական խոցելիութիւնը ու հասկնալու որ Աստուած մեզի կու տայ այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են Իր կամքը կատարելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2025, 12:36