Գերապ. Փեննաքիօ «Աշխարհի ձայն» այս հրապարակէն միացած աղօթելու Ֆրանչիսկոս Պապին համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր եւս այս հրապարակը ձայնը կը դառնայ աշխարհին, կը համախմբուինք միասնական աղօթքի մը մէջ, Աստուծոյ համայն ժողովուրդի հետ միասին, Ֆրանչիսկոս Պապի շուտափոյթ ապաքինումին համար». Այս Խօսքերով է or Գերապայծառ Սաlվաթորէ Փեննաքիo, Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայի նախագահը, ներկայացուց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կիրակի 16 Մարտին երեկոյեան ժանը 7,30ին տեղի ունեցած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, որ անցեալ 24 Փետրուարէն ի վեր անընդհատ կը կրկնուի ամէն երեկոյ ու նուիրուած է Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան։
«Մեծաւորներուն, Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայի մի քանի նախկին սաներուն, կ՛ուզենք ձայն դառնալ այն խնամատարութեան զոր Սրբազան Պապը ունի իւրաքանչիւր մարդու համար, ընկալելով անոր աղօթքի դիտաւորութիւնները Ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան համար, տառապանքներու սփոփանքին եւ հաւատացեալներու միութեան համար» աւելցուց Ան սկիզբ տալով Մարեմեան աղօթքին, որուն կիրակի օրուայ խորհրդածութիւնները նուիրուած էին Փառաբանութեան Խորհուրդներուն:
Աղօթքին ինչպէս ամէն երեկոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին կղերական դասի անդամներ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
