Որոնել

Գերապ. Ֆլավիօ Փաչէ Ալպանիյաի Արքեպիսկոպոսին կը յանձնէ Քահանայապետին ուղարկած նուէրը Գերապ. Ֆլավիօ Փաչէ Ալպանիյաի Արքեպիսկոպոսին կը յանձնէ Քահանայապետին ուղարկած նուէրը  

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` համայն Ալպանիայի արքեպիսկոպոսի գահակալութեան առիթով

«Իրօք, այս դժուարին ժամանակներուն մէջ, որոնք յատկանշուած են պատերազմով և բռնութեամբ, աւելի հրատապ է, որ քրիստոնեաները վստահելի վկայութիւն տան միասնութեան մասին, որպէսզի աշխարհը լիովին ընդունի եղբայրական համերաշխութեան և խաղաղութեան Աւետարանին պատգամը» գրած է Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թիրանայի, Տուրէսի և համայն Ալպանիայի արքեպիսկոպոս Գերերջանիկ Եոանիի գահակալութեան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը անոր յղած է պատգամ մը որ յանձնուեցաւ Վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւնը գլխաւորած Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Վերատեսչութեան Քարտուղար Գերապ. Ֆլավիօ Փաչէի կողմէ։

Քահանայապետը նախ իր եղբայրական ողջոյնները կը յղէ նորընտրեալ Արքեպիսկոպոսին Անոր գահակալութեան առիթով ու իր հոգեւոր մօտիկութիւնը եւ աղօթքները կը հաւաստիացնէ` որպէսզի Հայր Աստուած, որ ամէն բարիքի աղբիւրը է, անոր շնորհէ Սուրբ Հոգիին արատ շնորքները հովուելու համար իրեն յանձնուած հօտը։

«Դուք այժմ յաջորդն էք մեր սիրելի յիշարժան եղբօր՝ Գերերջանիկ Անասթասին, որուն քրիստոնէական կեանքի և առաքելական եռանդի վկայութիւնը խոր և մնայուն ժառանգութիւն թողուց Ալպանիայի մէջ: Ծառայութեան ընթացքին Ան առանձնացաւ տարբեր Եկեղեցիներու և կրօնական աւանդոյթներու պատկան մարդոց ու կանանց միջեւ խաղաղ համակեցութեան ի սպաս եւ էականօրէն նպաստեց մեր Եկեղեցիներու միջև յարաբերութիւններու բարելաւման» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ վստահութիւն արտայայտելով որ նոր Արքեպիսկոպոսը եւս կը հետեւի նախորդի օրինակին ու կը շարունակէ խթանել երկխօսութիւնը ՝ որպէս պառակտումները յաղթահարելու միջոց և կը խթանէ նաեւ Քրիստոսի բոլոր աշակերտներուն միջև լիարժէք հաղորդակցութեան որոնումը:

«Իրօք, այս դժուարին ժամանակներուն մէջ, որոնք յատկանշուած են պատերազմով և բռնութեամբ, աւելի հրատապ է, որ քրիստոնեաները վստահելի վկայութիւն տան միասնութեան մասին, որպէսզի աշխարհը լիովին ընդունի եղբայրական համերաշխութեան և խաղաղութեան Աւետարանին պատգամը» գրած է միշտ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ շեշտը դնելով Եկեղեցիներու պատասխանատուութեան վրայ «տեսանելի կերպով դրսևորելու իրական հաղորդութիւնը» ապա մաղթելով որ «Ալպանիայի Եկեղեցւոյ և Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններն աւելիով զարգանան՝ որոնելով համագործակցութեան ու Աւետարանը հռչակելու նոր ձեւեր, առաւել կարիքաւորներու ծառայութեան միջոցաւ ու նաեւ նորոգելով յանձնառումը բարեգործութեան և ճշմարտութեան երկխօսութեան միջոցաւ լուծելու մեզ բաժանող խնդիրները»:

Սրբազան Պապը պատգամը աւարտած է հայցելով Ամենակարող Աստուծմէ, որ նոր Արքեպիսկոպոսին շնորհէ ամենայն շնորհք և երկնային օրհնութիւն, ապա հաւաստիացուցած է ի Քրիստոս իր եղբայրական ողջագուրումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2025, 11:45