2021.11.03 Udienza Generale

Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանած է ամուսինի կողմէ դաւաճանուած կնոջը.

«Piazza San Pietro» ամսագիրը հրապարակած է Սրբազան Քահանայապետին պատասխանը Քաթիային, որ կը հարցնէ, թէ ինչպէս ներել ամուսինին դաւաճանութիւնը։ «Ներողամտութիւնը ազատ, անձնական արարք մըն է, որ ուժ կը վերցնէ Աստուծոյ հոգիէն, շնորհքէն եւ սէրէն», կը գրէ Պապը հիւանդանոցի մէջ իր բուժումը սկսելէն առաջ գրուած նամակին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Դիւրին չէ ներելը, նամանաւանդ, երբ դաւաճանուած են սիրոյ եւ վստահութեան մէջ։ Ամուսնութեան մէջ սէրը միշտ պէտք է բարելաւուի՝ նայելով Յիսուսին, Մարիամին, Սուրբ Պօղոսի ողորմասիրութեան օրհներգութեան: Եթէ​​կայ սէր, սէրն ընդունակ է համբերութեան, վերամիաւորումի, նորոգութեան»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը այս մասին կը գրէ «Piazza San Pietro» ամսագիրի մէջ, որուն ղեկավարն է Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն, որ կ’ուսումնասիրէ հաւատքի, հոգեւորութեան եւ առօրեայ կեանքին հայող նիւթերը: Քահանայապետը, ինչպէս ամէն ամիս, պատասխանած է իրեն ուղղուած նամակներէն մէկու մը։ Այս անգամ ամուսնու կողմէն դաւաճանուած կնոջ նամակն էր։ Քաթիա անունով կինը հարց կ՛ուղղէ եթէ արդեօ՞ք «աններելին» ներելը իսկապէս ճիշտ արարք մըն է:

Ներումի շնորհը

Մինչ հիւանդանոցի մէջ իր բուժումը սկսիլը Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձած էր Քաթիայի դէպքին, որ այսօր նաեւ բազմաթիւ զոյգերու եւ ընտանիքներու իրավիճակն է։ «Իւրաքանչիւր պատմութիւն, սակայն, միշտ առանձնայատուկ է, տարբերուող, եզակի: Ներողամտութիւնը ազատ, անձնական արարք մըն է, որ ուժ կը ստանայ Աստուծոյ հոգիէն, շնորհքէն եւ սէրէն», կը գրէ Քահանայապետը եւ կը դրդէ դէպի ներում՝ առաջարկելով յստակ ուղի` այդ «իրական սիրոյ որոնումներու մէջ՝ համբերութիւն, սիրելութիւն, բարեացակամութիւն, փոխադարձութիւն»։․

«Քաթիա, դուք կարող էք խնդրել ձեր ամուսինէն միասին ճամբայ անցնիլ , օրինակ՝ քրիստոնեայ զոյգի մը հետ եւ անոր ուղեկցութեամբ, որ իր օգնութիւնը կը տրամադրէ խոցուած զոյգերուն, կիսուիլ կեանքի փորձով, դժուարութիւններով, ներողամտութեամբ, հաշտեցմամբ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը:

«Piazza San Pietro»ի Մարտ ամսուայ նիւթերը

Նշենք թէ՝ «Piazza San Pietro» ամսագիրի Մարտ ամսուայ համարին մէջ հանգամանօրէն ներկայացուած է «Սիրենք եւ պաշտպանենք զանոնք» վերտառութեամբ մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովի ծաւալուն զեկոյցը, որ կայացած է 3 Փետրուարին Վատիկանի մէջ, որուն մասնակցած են Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աշխարհի յիսունէն աւելի առաջնորդներ: Ամսագիրի մէջ յատուկ նիւթ նուիրուած է նաեւ Սրբազան Հօր Քահանայապետութեան տասներկու տարիներու ամէնէ կարեւոր պահերուն՝ պատկերներով եւ Եկեղեցւոյ մէջ կատարած յեղափոխական ընտրութիւններով։ Բացի այդ, ամսագիրն անդրադարձած է կանանց՝ յանուն եկեղեցւոյ մէջ հաւասարութեան՝ «Կանանց ձայները» յօդուածի միջոցաւ՝ չմոռնալով լուսաբանել նաեւ Յոբելենական Տարուան հայող փորձառութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2025, 08:00