Սրբազան Պապի ցաւակցութիւնները Հիւսիսային Մակեդոնիայի գիշերային ակումբի մէջ զոհուածներուն համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Խոր ցաւ» այս է այն ինչ որ կ՛արտայայտէ Ֆրանչիսկոս Պապը, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրի մը մէջ, ուղղուած Հիւսիսային Մակեդոնիայի Սքոփիէ քաղաքի եպիսկոպոս` Գերապ. Քիրօ Սթոյանովին, Քոքանի քաղաքի գիշերային ակումբի մը մէջ բռնկած հրդեհի առիթով, որուն հետեւանքով կան 59 զոհեր եւ 155 վիրաւորներ։
Սրբազան Քահանայապետը կը հաւաստիացնէ նաեւ իր «հոգեւոր մօտիկութիւնը վիրաւորներուն» եւ «աղօթքը` կեանքը կորսնցուցած անձանց» ապա «Կրկնային մխիթարութիւն» կը հայցէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին այս աղէտի հետեւանքով։
Հրդեհը բռնկած է կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամը երեքին, համերգի մը ընթացքին, որուն կը մասնակցէին 1500է աւելի անձեր, եւ այդ մէկը ամենայն հաւանութեամբ պատահած է բեմի վրայ վառուած հրավառութեան պատճառաւ։ Ձերբակալուած են համերգի կազմակերպիչները։ Հրդեհի զոհերուն մեծամասնութիւնը 14 էն 27 տարեկան երիտասարդներ էին։
Ցաւակցական պատգամներ յղեցին նաեւ եւրոպական այլ կառոյցներ, մինչդեռ Սերպիայի կառավարութիւնը 18 մարտը յայտարարեց ազգային սուգի օր՝ ի յիշատակ զոհերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
