Ճեմելլի հիւանդանոցէն թարմացում. Սրբազան Պապը հանգիստ անցուցած է գիշերը, կը շարունակէ դարմանումը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Չորեքշաբթի` 5 Մարտի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը իր «թելեկրամ» կայքին վրայ հրատարակեց Սրբազան Պապի առողջութեան հայող թարմացում նշելով, որ Սրբազան Պապը լաւ քնացած է այս գիշերը արթննալով ժամը 8էն քիչ անց։
Իսկ երէկ երեկոյեան հրատարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր, որ Սրբազան Պապին առողջական պայմանները անփոփոխ մնացած են, ու թէ ան օրուան ընթացքին շնչառական անբաւարարութեան կամ ցնցղակծկումի դէպքեր չունեցաւ։
Նշուեցաւ նաեւ թէ Ան կատարած էր բարձր հոսքի թթուածնային խնամք, ու գիշերը վերսկսած էր՝ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը մինչև այսօր առաւօտ, այնպէս ինչպէս որ նախատեսուած էր: Կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։
Ըստ որոշ տեղեկութիւններուն ընդհանուր բժշկական պատկերը կայուն է, նաև սրտի, երիկամունքներու և արեան արժէքներու առումով: Ֆրանչիսկոս Պապի ունեցած թոքաբորբի համատեքստի ներքոյ ցնցղակծկումի յաճախականութիւնը անսպասելի չէ: Ընդհանուր իրավիճակը կը մնայ բարդ:
Այսօր առաւօտեան Սրբազան Պապը շարունակած է դարմանումը և շնչառական ֆիզիոթերապիան։ Ապա այնպէս ինչպէս նախատեսուած էր, անցում կատարեց գիշերուայ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումէն բարձր հոսքով թթուածնային խնամքի։
Առաւօտեան կացութիւնը կը թուայ կայուն, միշտ բարդ համապատկերի մը ծիրէն ներս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
