Ֆրանչիսկոս Պապ. Պատերազմը անհեթեթ է, զինաթափենք Աշխարհը
Սիրելի Տնօրէն,
կ՛ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի մօտիկութեան խօսքերուն համար, որով ուզեցիք ներկայանալ հիւանդութեանս այս պահուն, որտեղէն, ինչպէս առիթը ունեցած եմ ըսելու, պատերազմը աւելի անհեթեթ կը թուայ։
Մարդկային դիւրաբեկութիւնը, փաստօրէն, ուժ ունի մեր միտքը աւելի պայծառ դարձնելու՝ կապուած այն բանի հետ, թէ ինչ է որ կը տեւէ եւ ինչը կ՛ անցնի, ինչն է որ մեզ կ՛ ապրեցնէ և ինչը կը սպանէ:
Մի գուցէ ասոր համար է որ մենք յաճախ հակուած ենք ժխտելու սահմանները և խուսափելու փխրուն և վիրաւոր մարդոցմէ. Անոնք ուժ ունին կասկածի տակ դնելու մեր ընտրած ուղղութիւնը՝ որպէս անհատներ և որպէս հասարակութիւններ:
Կ՛ուզէի քաջալերել ձեզ ու բոլոր անոնք` որոնք աշխատանք եւ բանականութիւն կը նուիրեն տեղեկացնելու համար, հաղորդակցութեան գործիքներու միջոցաւ, որոնք այժմ կը միաւորեն մեր աշխարհը անմիջական ժամանակով. Դուք կը զգաք բառերու համայն կարևորութիւնը:
Անոնք միայն լոկ խօսքեր չեն. Արարքներ են` որոնք կը կառուցեն մարդկային միջավայրը։ Կարող են կապել կամ բաժնել, ծառայել ճշմարտութեան կամ անորմէ օգտուիլ։ Մենք պէտք է զինաթափենք խօսքերը, զինաթափելու համար մտքերը ու զինաթափելու համար Աշխարհը։ Մեծ կարիք կայ մտածողութեան, հանգստութեան, բարդութեան զգացումին։
Մինչ պատերազմը ուրիշ բան չ՛ընէր եթէ ոչ աւերել հասարակութիւններն ու շրջակայ միջավայրը, առանց լուծումներ առաջարկելու հակամարտութիւններուն, դիւանագիտութիւնը և միջազգային կազմակերպութիւնները պէտքը ունին նոր կեանքի և վստահելիութեան։ Կրօնները, նոյնպէս, կարող են հիմք ընդունիլ ժողովուրդներու հոգևորութիւնը՝ կրկին բորբոքելու եղբայրութեան և արդարութեան ցանկութիւնը` խաղաղութեան յոյսը:
Այս բոլորը կը պահանջեն պարտաւորութիւն, աշխատանք, լռութիւն, խօսք։ Մենք մեզ միացած զգանք այս ջանքերուն մէջ, զոր երկնային Շնորհքը չի դադրիր ոգեշնչելէ և անոնց ուղեկցելէ:
Ֆրանչիսկոս
Հռոմ, Ճեմելլի Բազմաբուժարան, 14 մարտ 2025
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
