Որոնել

2020.03.27 momento straordinario di preghiera pandemia_Statio Orbis

Այդ դատարկ հրապարակը եւ աշխարհի հետ համահունչ Հովիւը

Հինգ տարի անցաւ համաճարակի ընթացքին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կատարուած «Statio Orbis» աղերսական աղօթքէն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հինգ տարիներ անցան այն օրէն երբ Ֆրանչիսկոս Պապը, քալեց միայնակ, դէպի ամայի Սուրբ Պետրոս հրապարակի ամպիոն։ Անձրեւ կը տեղար։ Հրապարակը ողբերգական կերպով դատարկ էր, նոյնիսկ եթէ միլիոնաւոր անձինք աշխարհի բոլոր վայրերէն, կապուած էին Քահանայապետին հետ, իրենց հեռուստատեսիլներու պաստառներուն առջեւ, տակաւին փակուած իրենց տուներուն մէջ, «lockdown»ի դրութեան բերումով, անտեսանելի վիրուսէն խուսափելու համար, որ այդքան զոհեր կը խլեր, եւ մարդիկ կը մղեր հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներ, զանոնք անջատելով իրենց հարազատներէն ու շատ անգամ առանց կարելիութիւնը ունենալու հրաժեշտ տալու անոնց»։ Այս տողերը կը կարդանք այսօր` 27 Մարտին հրատարակուած Անտրէա Թոռնիելլիի խմբագրականին մէջ, յիշելով հինգ տարիներ առաջ, Քորոնա ժահրի տարածման ողբերգական ժամանակահատուածի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կատարած աղերսական աղօթքը, «որով», գրած է միշտ Թոռնիելլին, «Սրբազան Պապը ուզեց մօտիկ դառնալ բոլորին, նաեւ առաւօտներուն Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած ու սփռուած ամենօրեայ պատարագներուն միջոցաւ»։

Նորին Սրբութիւնը այս դատարկ հրապարակին վրայ կատարած ողջագուրումին մէջ համախմբած էր բոլորը։ Զօրեղ պատկեր մը որ յատկանշեց նաեւ Քահանայապետութիւնը։ Պարզ, հանդիսաւոր, մարգարէական եւ մտերմիկ աղօթք մը եղած էր այդ մէկը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը վճռակամ կերպով  հաստատած էր` թէ «ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին» ու թէ մենք ունինք միասնական պատկանելիութիւն մը` «եղբայրներու» պատկանելիութիւնը։

Այդ առիթով Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ դիմելով ըսած էր. «Մեզ կը կոչես օգտագործելու այս անձկութեան պահը, որպէս ընտրութեան ժամանակ։ Ասիկա քու դատողութեանդ ժամանակը չէ, այլ մեր դատողութեան. ժամանակը ընտրելու, թէ ինչն է կարևորը և ինչը անցողական, առանձնացնելու այն որ անհրաժեշտ է, եւ այն ինչ որ անարժէք»։

Հինգ տարիներ ետք, մեր շուրջը նայելով, կարելի չէ հաստատել, որ մենք դուրս եկանք աւելի լաւ, պատերազմի տէրերու բռնութիւններէն ցնցուած աշխարհով մը, որ սովի դէմ պայքարելու փոխարէն կը մտածէ վերազինման մասին։

Մենք այլեւս փակման դրոյթի մէջ չենք եւ այժմ իրավիճակը փոխուած է. Հրապարակը լեցուն է Յոբելեանը ապրող անձերով, սակայն բացակայ է Հռոմի Եպիսկոպոսը, որ կ՛աղօթէ մեզի ու խաղաղութեան համար, Սանթա Մարթայի իր սենեակէն, ուր կը շարունակէ ծանր թոքաբորբի խնամքը։ Բայց եւ այնպէս այդ համաշնչութիւնը չէ խախտուած։ Անոր այդ ժամանակուայ խօսքերը կը մնան միշտ այժմէական, արդարեւ այսօր եւս «ժամական է ընտրելու ինչն է կարեւորը  եւ ինչը անցողական» կը գրէ Տիար Թոռնիելլին եզրափակելով խմբագրականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2025, 09:50