Որոնել

ITALY-VATICAN-POPE-HEALTH

Թեթեւ բարելաւում եւ թթուածինի աստիճանական նուազում

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նոր տեղեկութիւններ հրապարակելով Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան մասին ակնարկեց որոշ թեթեւ բարելաւումներու մասին նշելով որ իրավիճակը կը մնայ կայուն բայց բարդ համակերակրի մը ներքոյ
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող այս եւ այլ լուրերը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ գիշեր մեխանիկական օդափոխումի կարիքը չունեցաւ։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին` 18 Մարտի երեկոյեան, Սրբազան Պապի առողջութեան հայող տարածած լուրերէն մին է սա։

Նորին Սրբութեան իրավիճակը կը մնայ կայուն եւ կան շարժիչային ու շնչառական կացութեան հայող թեթեւ բարելաւումներ. Բժիշկները կ՛աշխատին աստիճանաբար նուազեցնելու գիշերային մեխանիկական օդափոխումը եւ բարձր հոսքի թթուածինի կրատումը օրուան ընթացքին եւ ասոր հետեւանքով անցեալ գիշեր Քահանայապետը չ՜օգտագործեց թթուածնային դիմակը եւ այս մէկը լաւ լուր մըն է որ սակայն պէտք է ընկալել զգուշութեամբ, կը հաստատէ ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը դիտել տալով թէ այս մէկը չի նշանակեր որ Նորին Սրբութիւնը այդ մէկը պիտի չ՜օգտագործէ եկող օրերուն։ Հարկաւոր է արդարեւ աստիճանական եւ ոչ թէ վերջնական անջատում։

Գալով օրուան գործունէութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Պապը ենթարկուեցաւ դեղորայքային խնամքին, շարժողական և շնչառական ֆիզիոթերափիայի, կատարեց որոշակի աշխատանք և նուիրուեցաւ աղօթքին։ Շարունակեց հետևել բժշկի նշանակած սննդակարգին, որ կը ներառէ պինդ սնունդ:

Բուժարանային պատկերը կը մնայ բարդ` կայուն իրավիճակի մը մէջ։ Վաղուան համար ժամը եօթի ժամանակները նախատեսուած է բժշկական տեղեկագիր։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2025, 19:05