Որոնել

Սրբազան Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցի իր յարկաբժնի մատրան մէջ Սրբազան Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցի իր յարկաբժնի մատրան մէջ   (ANSA)

Սրբազան Պապը համապատարագեց Ճեմելլի հիւանդանոցի իր յարկաբժնի մատրան մէջ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կիրակի 16 Մարտի երեկոյեան տարածեց Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ պատկերը, մինչ կ՛աղօթէ, Ճեմելլի հիւանդանոցի իր յարկաբաժնի մօտ գտնուող մատրան մէջ։ Ասիկա առաջին պատկերն է որ կը հրատարակուի Սրբազան Պապին հիւանդանոց մտնելէն ետքը` անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին։ Քահանայապետին առողջական վիճակը կը մնայ կայուն եւ կը շարունակէ նախատեսուած դարմանական խնամքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երկար սպասումէ ետքը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, Կիրակի 16 Մարտի երեկոյեան տարածեց Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ պատկերը, մինչ կ՛աղօթէ, Ճեմելլի հիւանդանոցի իր յարկաբաժնի մօտ գտնուող մատրան մէջ, այնտեղ այլ քահանաներու հետ միասին մատուցած համապատարագէն ետքը։ Ասիկա առաջին պատկերն է, որ կը հրատարակուի անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին, երբ Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Ճեմելլի հիւանդանոց բուժական դարմանումներու ենթարկուելու համար, ի տես յայտնաբերուած երկկողմանի թոքաբորբի

Երկար ժամանակէ ի վեր բազմաթիւ լրագրողներ ու նաեւ հասարակ մարդիկ կը պահանջէին Քահանայապետէն նկար մը, տրուած ըլլալով որ վերջին նկարները հրատարակուած ու տարածուած էին մէկ ամիս առաջ, նախ քան անոր մուտքը հիւանդանոց։ Այդ օրէն ոչ մէկը, ի բացառեալ բժիշկներէն եւ հիւանդապահներէն ու մի քանի սերտ համագործակիցներէն ոմանք, կարողացան հանդիպիլ ու տեսակցիլ Սրբազան Պապին հետ։

Անցեալ վեց մարտին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Նորին Սրբութեան աջողութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին սկիզբը լսելի դարձած էր անոր ձայնը, որ ուզած էր շնորհակալութիւն յայտնել իրեն նուիրուած աղօթքներուն համար եւ օրհնել հաւատացեալները։

Այսօր առաւօտեան 200-է աւելի մանուկներ համախմբուած էին Ճեմելլի հիւանդանոցի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Զ Պապի արձանին շուրջը, Ֆրանչիսկոս Պապին տանելու «խորհրդանշական շոյանք» մը, ծաղիկներու, պատկերներու, գծագրութիւններու ու պատգամներու հետ միասին, իրենց հայեացքը սեւեռելով հիւանդանոցի տասներորդ յարկի պատուհաններ, այն յոյսով որ կարողանային նշմարել «սպիտակ» գոյնով բազուկի մը շարժումը, բայց այդ մէկը կարելի չէր, որովհետեւ կը պակսի բժիշկներուն արտօնութիւնը։

Մինչ այդ երեկոյեան հրատարակուած հաղորդագրութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նկարին հետ միասին, որ կը հաւաստիացնէ անոր ներկայութիւնը, խորհրդանշական պահի մը ընթացքին` որ է աղօթքը, տեղեկացուց` որ Քահանայապետի առողջական վիճակը կը շարունակէ մնալ կայուն եւ Ան արդիւնաւէտ կերպով կը շարունակէ բուժական դարմանումները, որոնց շարքին նաեւ շնչառական եւ շարժիչային թերափիան։

«Այսօր այցելութիւններ չընդունեցաւ եւ օրը անցուց աղօթքով, հանգիստով եւ թեթեւ աշխատանքով» տեղեկացուց միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, դիտել տալով նաեւ, թէ վաղն ալ նախատեսուած չէ բժշկական տեղեկագիր, բայց եւ այնպէս պիտի տարածուին առողջութեան մասին թարմացումներ։

Մինչ այդ Սրբազան Պապը կը շարունակէ իր հիւանդ ծերունիի մը առօրեան, թէեւ «ծանր» պահ, բայց միացած միւս բոլոր հիւանդներուն հետ, որոնք, ինչպէս գրեց ան այսօր հրատարակած Մարեմեան աղօթքի Խորհրդածութեան մէջ, «թէեւ տկար մարմինով, բայց և այնպէս, կարող սիրելու, աղօթելու, նուիրուելու ու մէկը միւսին համար ըլլալու հաւատքի մէջ յոյսի վառ նշաններ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2025, 19:28