Ֆրանչիսկոս Պապը Gemelli-ի մէջ, կայուն վիճակ և դանդաղ ապաքինում
Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք
Ֆրանչիսկոս Պապի բուժարանային պատկերի հետ կապուած նորութիւններ չկան, վիճակը կայուն է, և այս պատճառով բժիշկները որոշեցին այսօր երեկոյեան չկազմել յայտարարուած բժշկական տեղեկագիրը։ Այս մասին կը յայտնէ Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակը՝ ընդգծելով, որ պէտք է այս մէկը դիտարկել որպէս դրական տարր։
Ենթադրաբար վաղը երեկոյեան կը հրատարակուի բժշկական տեղեկատութիւն մը, բայց հաւանական է, որ տեղեկագիրերը ժամանակի ընթացքին աւելի նօսրանան՝ հաշուի առնելով Քահանայապետի առողջութեան կայուն իրավիճակը։ Առաւօտները եւս պիտի չհրատարակուին Սրբազան Պապի առողջութեան մասին թարմացումները։
Սրբազան Պապի ապաքինումը դանդաղ կ՛ ընթանայ և ժամանակ պէտք է որպէսզի բարելաւումներու հաստատուին, կը տեղեկացնէ միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։ Ինչ կը վերաբերի Քահանայապետի օրուան, ան օրը նուիրեց աղօթքին, շնչառական և շարժիչային ֆիզիոթերափիային։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
