Որոնել

Pope Francis continues treatment at Gemelli Hospital in Rome

Սրբազան Պապը Gemelli-ի մէջ, բարելաւումները ամրապնդուած են: Բժիշկները լուծարեցին վերապահութիւնը

Սրբազան Պապին առողջութեան մասին 10 Մարտի թարմացումը. Լաւ արձագանք դարմանումին, անհրաժեշտ է այդ մէկը շարունակել հիւանդանոցային միջավայրի մէջ, մի քանի օրեր եւս։ Ֆրանչիսկոս Պապը տեսանիւթով հետևեցաւ Հոգևոր Կրթութիւններու խորհրդածութիւններուն

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 10 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7, 50 հրատարակեց նոր տեղեկագիր մը հայող անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան.

Ֆրանչիսկոս Պապին բուժարանային պայմանները կը շարունակեն մնալ կայուն։ Անցեալ օրերուն արձանագրուած բարելաւումները աւելիով ամրապնդուեցան, ինչպէս հաստատուած է ըլլայ արեան քննութիւններէն ըլլայ բուժարանական առարկայականութենէն ու դեղորայքային դարմանումի լաւ արձագանքէն:

Այս պատճառներու համար բժիշկները այսօր որոշեցին լուծարել վերապահութիւնը։

Բայց եւ այնպէս նկատի առնելով բուժարանային պատկերի բարդութիւնը և հիւանդանոց մուտքի ընթացքին կարեւոր վարակիչ պատկերը, անհրաժեշտ է շարունակել դեղաբանական բժշկական դարմանումը հիւանդանոցային միջավայրի մէջ, մի քանի օրեր ևս։

Այսօր առաւօտեան Սրբազան Պապը կարողացաւ հետեւիլ Պօղոս Զ անուան դահիճին մէջ Հոգեւոր Կրթութեան նիստերուն, ապա ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ յարկաբաժնի մատուր երթալով ամփոփուեցաւ առանձնական աղօթքի մէջ։

Կէսօրէն ետք ան դարձեալ միացաւ Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր կրթութիւններուն անոնց հետեւելով հերակապ կապով։

Ան օրը անցուց աղօթքը փոխարինելով հանգիստի հետ։

Հետևաբար, ասոնք հիւանդութեան ընթացքին դրական նշաններ են, որոնք, այնուամենայնիւ, պէտք է ողջունել զգուշութեամբ և շրջահայեցութեամբ, քանի որ թոքաբորբը տակաւին չէ յաղթահարուած, և բուժարանային պատկերը կը մնայ բարդ, թէև անմիջական վտանգ չկայ:

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2025, 19:50