Pope Francis hospitalized at Gemelli hospital in Rome

Սրբազան Պապը Ճեմելլիի մէջ. Իրավիճակը կայուն. Ընդունեց մոխիրը եւ հեռաձայնեց Կազա

Նոր տագնապներ չունեցաւ։ Կը շարունակէ բարձր հոսքով թթուածինը օրուան ընթացքին, իսկ մեխանիկական օդափոխումը գիշերը։ Ան վերսկսաւ որոշ աշխատանքային գործունութիւն, օրը անցուց բազկաթոռի վրայ։ Աւելցուց շնչառական ֆիզիոթերապիան և գործունեայ շարժիչային բուժութիւնը:

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Սրբազան Պապին առողջութիւնը այսօր եւս մնաց անփոփոխ առանց շնչառական անբաւարարութեան դրուագներու։

Նախատեսուած կերպով, օրուայ ընթացքին, Ան բարձր հոսքային թթուածնային դարմանում կատարեց, իսկ գիշերը կվերսկսուի ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը։ Սրբազան հայրը աւելցուցած է է շնչառական ֆիզիոթերապիան և գործունեայ շարժիչային բուժութիւնը ։ Ան օրը անցուց բազկաթոռի վրայ։

Հաշուի առնելով բուժարանային պատկերի բարդութիւնը, կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած:

Այսօր առաւօտեան հիւանդանոցի 10րդ յարկի իր յարկաբաժնին մէջ, Սրբազան Պապը մասնակցեցաւ Մոխիրներու օրհնութեան արարողութեան, զոր իր գլխուն վրայ սրսկեց պատարագիչը, ապա ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Այնուհետեւ Ան նուիրուեցաւ որոշ աշխատանքային գործունէութեան։

Օրուան ընթացքին Ան հեռաձայնեց Հայր Կապրիել Ռոմանելիին, Կազայի Սուրբ Ընտանիք եկեղեցւոյ ժողովրդապետին։ Կէսօրէն ետքը ան փոխնիփոխ աշխատեցաւ ու հանգչեցաւ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնն է սա` որ հրատարակուեցաւ չորեքշաբթի 5 Մարտի երեկոյեան ժամը 19,25ին

Սրբազան Քահանայապետին թոքաբորբը կը հետևի այսպիսի հիւանդութեան բուժման բնականոն զարգացումին։ Նորին Սրբութիւնը կը համագործակցի դարմանումի գործընթացին, անոր տրամադրութիւնը կը մնայ լաւ։ Բժիշկները կ՛ընդգծեն վերջին երկու օրերու տագնապներու բացակայութիւնը, սակայն հետագայ գնահատումներու համար ժամանակ պէտք է։ Բուժարանային պատկերը կը մնայ կայուն, բայց բարդ իրավիճակի մը շրջագիծէն ներս։

Վերջին թարմացումը ժամը 20,15ին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2025, 19:32