Քահանայապետը մտադիր է վաղը կէսօրին Gemelli հիւանդանոցէն ողջունել և իր օրհնութիւնը տալ հաւատացեալներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սրբազան Պապը մտադիր է վաղը ժամը 12:00-էն քիչ անց Gemelli հիւանդանոցէն ողջունել և իր օրհնութիւնը տալ հաւատացեալներուն։ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը պիտի հրապարակուի գրաւոր ձեւով ինչպէս նախորդ կիրակի օրերը: Սոյն տեղեկութիւնը տարածեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը շաբաթ 22 Մարտին։
Յայտնենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 14 փետրուարէն կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց ուր ենթարկուած է երկկողմանի թոքաբորբի բուժարանային խնամքներու, որոնց հետեւանքով ընդհատուած են անոր բոլոր գործունէութիւնները ներառեալ կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքները, թէեւ անոնց գրաւոր խորհրդածութիւնները, ինչպէս նաեւ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնները, կը հրապարակուին ու կը տարածուին գրաւոր ձեւով։ Նոյնը պիտի պատահի նաեւ վաղը, այն առաւելութեամբ որ Նորին Սրբութիւնը իր բուժման ընթացքը սկսելէն ետքը, առաջին անգամ ըլլալով պիտի յայտնուի հանրութեան, եւ տակաւին չկարողանալով ընթերցել խորհրդածութիւնը պիտի բաւարարուի իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր հաւատացեալներուն։
Նշենք նաեւ` որ այս առաջինը անգամը չէ որ Նորին Սրբութիւնը Ճեմելլի հիւանդանոցէն պիտի յայտնուի հանրութեան, 2021-ին եւս Ան հիւանդանոցի հինգերորդ յարկի պատշգամէն արտասանած էր Մրաեմեան աղօթքը եւ իր օրհնութիւնը շնորհած աղօթքին առիթով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն։ Նոյնը կատարած էր նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որ Ճեմելլի հիւանդանոցը անուանած էր «երրորդ Վատիկան»։
Արդարեւ երէկ երեկոյեան հրատարակած տեղեկագիրով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը յայտնած էր որ Ֆրանչիսկոս Պապի բժշկական պայմանները կը մնան կայուն փոքր բարելաւումներու հետ միասին շարժիչային ու շնչառական տեսանկիւնէն, ու նաեւ թէ Ան գիշերները կասեցուցած է դիմակով մեխանիկական օդափոխումը զայն փոխարինելով բարձր հոսքով թթուածնային կիրառումով, իսկ ցերեկը աւելի նուազ կերպով կ՛ օգտագործէ այդ բարձր հոսքերը։
Հաւանական է առ այդ` որ այս բարելաւումներու հիման վրայ է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը որոշած է վաղը դուրս գալ իր հիւանդանոցի սենեակէն ու անձամբ ողջունել հիւանդանոցի տարածքին գտնուող եւ հեռուստակայանի ու հաղորդակցութեան այլ միջոցներով այս իրադարձութեան հետեւող հաւատացեալները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
