Որոնել

ITALY-VATICAN-RELIGION-POPE-HEALTH

Սրբազան Պապը Gemelli-ի մէջ, կայուն պայմաններ և բուժական գործընթացի աստիճանական բարելաւումներ

Սրբազան Պապը կը կարօտի հիւանդանոցային բժշկական դարմանական խնամքին, շարժական եւ շնչառական ֆիզիոթերափիայի, որոնց շնորհիւ ներկայիս կ՛արձանագրուին յաւելեալ աստիճանական բարելաւումներ: Ան օրուան մեծ մասը անցուց բուժումի, աղօթքի, հանգիստի ու քիչ մը աշխատանքի նուիրուելով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 18.55 Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց նոր տեղեկագիր մը հայող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական վիճակին որուն մէջ նշուած է որ Նորին Սրբութեան բուժարանային պայմանները կայուն են ու կը հաստատեն վերջին շաբաթուայ բարելաւման յառաջընթացը։

Ան կը շարունակէ թթուածնային բարձր հոսքի կիրառումը, աստիճանաբար նուազեցնելով գիշերային ժամերուն մեխանիքական ոչ ինվազիւ օդափոխումի անհրաժեշտութիւնը։

Սրբազան Պապը կը կարօտի հիւանդանոցային բժշկական դարմանական խնամքին, շարժական եւ շնչառական ֆիզիոթերափիայի, որոնց շնորհիւ ներկայիս կ՛արձանագրուին յաւելեալ աստիճանական բարելաւումներ:

Սրբազան Պապը օրուան մեծ մասը անցուց բուժումի, աղօթքի, հանգիստի ու քիչ մը աշխատանքի նուիրուելով։

Վաղը Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը պիտի հրատարակուի նախորդ կիրակիներուն նման։ Յաջորդ բժշկական տեղեկագիրը կարող է հրատարակուի յառաջիկայ երեքշաբթի կամ չորեքշաբթի օր

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը պիտի շարունակէ երեկոները լրագրողներուն փոխանցել որոշ տեղեկութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2025, 19:00