Որոնել

Pope Francis hospitalized in Rome

Ֆրանչիսկոս Պապը Gemelli-ի մէջ, թեթեւ բարելաւումներ շնչառական և շարժիչային տեսանկիւնէն

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը թարմացուց Սրբազան Պապին առողջութեան հայող տեղեկութիւնները նշելով որ անոր վիճակը կը մնայ կայուն որոշ թեթեւ բարելաւումներով
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երեսուն օրերէ ի վեր Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Սրբազան Քահանայապետին առողջապահական իրավիճակը կը մնայ կայուն, թեթեւ բարելաւումներով, շնորհիւ շնչառական և շարժիչային ֆիզիոթերափիայի: Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակը երկուշաբթի 17 մարտի երեկոյեան,՝ թարմացնելով Նորին Սրբութեան առողջութեան հայող լուրերը։

«Ան աւելի նուազ կիրառումով կ՛օգտագործէ թթուածնային հոսքը եւ որոշ պահերուն կարող է մնալ առանց թթուածինի խնամքին։ Գիշերը կը գործածէ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը։ Ձեռքին ուռեցքը, որ տեսնուեցաւ երէկ հրատարակուած նկարին մէջ հետեւանքն է անշարժութեան բայց այսօր աւելի լաւ է» կը հաղորդէ միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ, որ Նորին Սրբութիւնը օրը անցուց աղօթքի, հանգիստի ու քիչ մը աշխատանքի նուիրուելով։

Յառաջիկայ բժշկական տեղեկագիրը նախատեսուած է չորեքշաբթի օր։ Վաղը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը դարձեալ լրագրողներուն պիտի փոխանցէ ընդհանուր տեղեկութիւններ, ինչպէս այսօր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2025, 19:04